image

Le Figaro. Ատրպէյճանը կը շարունակէ հայկական մշակութային ցեղասպանութիւնը Արցախի մէջ

Le Figaro. Ատրպէյճանը կը շարունակէ հայկական մշակութային ցեղասպանութիւնը Արցախի մէջ

Ատրպէյճանը կը շարունակէ հայկական ժառանգութեան մշակութային ցեղասպանութիւնը Արցախի մէջ: Այս մասին Թութիրով գրած է Le Figaro-ի գլխաւոր խմբագրի տեղակալ Ժան-Քրիսթոֆ Պիւսոնը:

«Մինչ Ատրպէյճանը կը շարունակէ իր մշակութային ցեղասպանութիւնը Արցախի մէջ հայկական ժառանգութեան նկատմամբ` առանց որեւէ արձագանգի (յատկապէս Ֆրանսայի ԱԳՆ-ի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի), ԵՄ-ն կ'ողջունէ Պաքուի հետ իր ուժանիւթային գործընկերութիւնը», ըսած է ան` տեղադրելով Եւրոպական քաղաքականութեան եւ հարեւանութեան ԵՄ յանձնակատար Օլիվըր Վարհելիի գրառումը Պաքուի մէջ հանդիպումներուն մասին: