image

Լաւրով կորսնցուցած է Փութինի վստահութիւնը

Լաւրով կորսնցուցած է Փութինի վստահութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը կորսնցուցած է նախագահ Վլատիմիր Փութինի վստահութիւնը։ Այս մասին գրած է The Moscow Times-ը։

Ըստ պարբերականի՝ պատճառը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ անյաջող հեռախօսազրոյցն եղած է, որմէ ետք ձախողած է Փութին-Թրամփ հանդիպումը։

Ըստ հրապարակման, նախագահը դժգոհ մնացած է այս ամէնէն, որմէ ետք 76-ամեայ Լաւրովը, որ շուրջ 20 տարի կը զբաղցնէ Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը, չէ մասնակցած նոյեմբեր 5-ի կարեւոր նիստին։ Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամներու հանդիպումը նուիրուած եղած է միջուկային փորձարկումներու վերսկսման։ Լաւրով միակ մշտական անդամը եղած է, որ բացակայած է։

Բացի այդ, Լաւրովը կորսնցուցած է G20 գագաթնաժողովի ռուսական պատուիրակութեան ղեկավարի պաշտօնը։ Այժմ պատուիրակութիւնը պիտի ղեկավարէ Մաքսիմ Օրեշքինը։ Նախապէս, երբ Փութինը չէ կրցած երթալ միջազգային հանդիպումներու՝ կալանքի հրամանի պատճառով, Լաւրովը ղեկավարած է պատուիրակութիւնը։ Այս անգամ Փութինը նախընտրած է Օրեշքինի թեկնածութիւնը։