Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ու Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը նախագահ Վլատիմիր Փութինի յանձնարարութեամբ մեկնած են Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք՝ Ռիատ՝ բանակցութիւններ վարելու Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու հետ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը:
Անոր խօսքով՝ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու հանդիպումը Ռիատի մէջ հիմնական նուիրուած պիտի ըլլայ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնման:
Փեսքով աւելցուցած է, որ Սէուտական Արաբիան ընտրուած է որպէս բանակցութիւններու վայր, քանի որ այն յարմար է ե՛ւ ռուսական, ե՛ւ ամերիկեան կողմերուն: