image

Լաթաքիոյ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց Վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետին այցը Բերիոյ Թեմի Առաջնորդարան

Լաթաքիոյ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց Վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետին այցը Բերիոյ Թեմի Առաջնորդարան

Լաթաքիոյ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց Վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ երկրչփ. Մեղրիկ Ապահունի-Մանճեան օրերս այցելած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին եւ հրաւիրած է Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուելու վարժարանի միջնակարգի աւարտական հանդէսին, Լաթաքիոյ մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը։

Երեքշաբթի, 15 Յուլիս 2025-ի առաւօտուն, Լաթաքիոյ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց Վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ երկրչփ. Մեղրիկ Ապահունի-Մանճեան այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս:

Հոգաբարձութեան ատենապետը հրաւիրեց Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուելու վարժարանի միջնակարգի աւարտական հանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ 25 Յուլիս 2025-ին, Լաթաքիոյ մէջ։

Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց վարժարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան տարած ազգանուէր աշխատանքը եւ մաղթեց, որ լաւագոյն արդիւնքներ ապահովելով ուսանողները բարձրանան ուսման բարձր հանգրուաններ։