Հալէպահայ համայնքային շրջանակներուն մէջ յարգուած անուն հանդիսացող, հայրենաւանդ ուսուցչուհի Տիկին Լալա Միսկարեան տարիքի բերումով աւարտած է իր գործունէութիւնը Հալէպի «Կրթասիրաց» վարժարանէն ներս։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ համացանցէն։
Բարի եւ առողջագին ժամանակներ կը մաղթենք յարգուած հայուհիին ստորեւ ներկայացնելով այդ առթիւ հրապարակուած լրատւութիւնը։
Երեքշաբթի, 20 Յունիս 2023-ին, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի տնօրէնութիւնն ու վարչական կազմը հանդիպում ունեցան Տիկ. Լալա Միսկարեան-Մինասեանին հետ, որ վարժարանէն ներս անցնող տարիներուն որպէս հայերէնաւանդ վաստակաւոր ուսուցչուհի, իր մայրական հոգատարութեամբ եւ մանկավարժական մօտեցումով հայերէն լեզուին եւ գրականութեան հանդէպ սէրը վառ պահեց աշակերտներուն մօտ։
Տիկ. Լալան ուրախութեամբ յիշեց վարժարանէն ներս իր անցուցած յիշատակելի տարիները եւ իր հպարտութիւնը յայտնեց շրջանաւարտ աշակերտներուն յաջողութիւններուն մասին լսելով։
Վարժարանի տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկ. Լալային՝ իր վաստակն ու մասնագիտական փորձառութիւնը վարժարանի աշակերտութեան ի սպաս դնելուն համար եւ դալար ճանապարհ ու բարօր տարիներ մաղթեց անոր։
Վարժարանի ընդհ. տեսուչ օրդ. Մարալ Դերձակեան, իր կարգին, անդրադարձաւ վարժարանէն ներս Տիկ. Լալային բերած ներդրումին եւ ողջ անձնակազմին անունով բարի ճանապարհ ու առողջ տարիներ մաղթեց անոր։