image

Լաչինի միջանցքի խնդիրը պէտք է լուծուի եռակողմ յայտարարութեան հիման վրայ. ՌԴ դեսպանատուն

Լաչինի միջանցքի խնդիրը պէտք է լուծուի եռակողմ յայտարարութեան հիման վրայ. ՌԴ դեսպանատուն

Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակը պէտք է լուծուի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտի հիման վրայ։ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը նման կերպ արձագանգած է ԱԺ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, անկուսակցական Թագուհի Թովմասեանի նամակին։ Թովմասեան դիմատետրեան իր էջին հրապարակած է նամակի պատասխանը։

Նշենք, որ Թագուհի Թովմասեան նամակ յղած էր Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպան Սերգէյ Կոփիրքինին` անոր ուշադրութիւնը հրաւիրելով 1 օգոստոսին Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակման փաստի վրայ, եւ անդրադարձած էր Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Սուսի խնդիրներուն։ Ի պատասխան  Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատունէն յայտնած են, որ եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտի համաձայն պէտք է լուծուի Լաչինի խնդիրը, իսկ 6-րդ կէտը կը սահմանէ` կողմերու համաձայնութեամբ, ԼՂ-ի եւ Հայաստանի միջեւ կապն ապահովելու համար յառաջիկայ 3 տարիներու ընթացքին պիտի հաստատուի Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի կառուցման նախագիծ, որմէ ետք ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը պիտի վերատեղակայուի այդ երթուղին պաշտպանելու համար։ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատունէն աւելցուցած են, որ իրենց գրութեամբ նշուած բոլոր թեմաներու շուրջ կը կայանան շահագրգիռ կողմերու քննարկումներ։

«Այդ նպատակով մենք մշտական երկխօսութեան մէջ ենք հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու հետ ինչպէս ամենաբարձր, այնպէս ալ՝ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւններու եւ այլ գերատեսչութիւններու մակարդակով։ Օգոստոս 2-ին եւ 8-ին կայացած են Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցները։ Հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներու հետ շփումներ կայացուցած են Սերգէյ Լաւրովը եւ Սերգէյ Շոյկուն։ Հարցի զգայունութիւնը հաշուի առնելով՝ քննարկումներու մանրամասները չհրապարակուեցան, այդուհանդերձ, նման զրոյցները կը համարուին կարգաւորման կարեւոր եւ գործուն գործիք»,- ըսուած է նամակին մէջ։

Բացի այդ, Ռուսիոյ դեսպանատունը յայտնած է, որ իրավիճակը Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատւութեան գօտիին եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան համար կարեւոր հարց է։ Մասնաւորապէս, ուշադրութիւն հրաւիրած են Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ 4 օգոստոսի յայտարարութեան՝ Ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ սրման կապակցութեամբ, որով կոչ եղած էր 2 կողմերուն դրսեւորելու զսպուածութիւն, պահպանելու կրակի դադարեցման ռեժիմը։

«Ռուս խաղաղապահները կը ձեռնարկեն բոլոր հնարաւոր ջանքերը իրավիճակի կայունացման նպատակով։ Ե՛ւ Պաքուի, ե՛ւ Երեւանի մէջ բազմիցս ընդգծուած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի կարեւոր դերը: Համոզուած են, որ այդ վստահութեան լիարժէքօրէն արժանի են։ Պատրաստ ենք այսուհետ եւս ցուցաբերելու որեւէ անհրաժեշտ աջակցութիւն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կապերու կարգաւորման»,- նշուած է դեսպանատան արձագանգին մէջ։