Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարած է, թէ կովկասեան բանակցութիւններու գծով նոր աւագ խորհրդական նշանակուած է Լուիս Պոնօ, որ պիտի համակարգէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Վրաստանի մէջ հակամարտութիւններու շուրջ բանակցութիւնները:
Նախարարը յայտնած է, թէ այս պաշտօնին մէջ Պոնօ պիտի աշխատի տարածաշրջանի ղեկավարներուն հետ, քննարկելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը յառաջ մղելու եւ Ռուսիոյ կողմէ Վրաստանի ինքնիշխան տարածքներու շարունակող բռնագրաւման վերաբերող հարցեր:
Ըստ Պլինքընի՝ Պոնօ մեծ փորձառութիւն ունի Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան եւ Վիեննայի ՄԱԿի գրասենեակներուն մէջ իր գործունէութեան շնորհիւ։ Պոնօ դիւանագիտական պաշտօններ ստանձնած է նաեւ Վատիկանի եւ Իրաքի մէջ, ինչպէս նաեւ եղած է արտաքին գործոց փոխնախարարի խորհրդական:
Պլինքըն կրկնած է, թէ Ուաշինկթըն յանձնառու է օգնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ բանակցելու համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի մը շուրջ, ներառեալ Արցախի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորումը՝ աւելցնելով, որ Պոնօ մօտէն պիտի գործակցի Եւրոպական Միութեան հետ, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան նպաստելու համար: