Մոսկուան արտատարածաշրջանային կարգ մը դերակատարներու՝ Հարաւային Կովկասի մէջ անկայունութիւն մտցնելու փորձեր կը տեսնէ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
Անոր խօսքով՝ ակնյայտ փորձեր կան Ուքրանիոյ մէջ անկայունութիւնը տեղափոխել նախկին խորհրդային այլ տարածք մը, որոնց կարգին՝ Հարաւային Կովկաս:
«Կարելի է տեսնել, թէ իրավիճակը ապակայունացնելու ինչ փորձեր կը կատարուին նախկին խորհրդային տարածքի մէջ։ Սա, ի հարկէ, չափազանց կործանարար ու վտանգաւոր գիծ է։ Ռուսիան իր հերթին կը շարունակէ աշխուժ ջանքեր գործադրել հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի ապամագլցումի համար եւ կապի մէջ է Երեւանի եւ Պաքուի հետ։ ՀԱՊԿ-ի միջոցով համապատասխան քայլեր կ'իրականացուին։ Անհրաժեշտ է ապահովել հրադադարի ռեժիմը եւ բոլոր ուժերու վերադարձն իրենց ելման դիրքեր»,-ըսած է Զախարովան։
Անոր խօսքով՝ կան շարք մը ոչ տարածաշրջանային խաղացողներ, որոնք սկիզբը կ'ուզէին իւրացնել խաղաղ կարգաւորման դափնիներ, բայց հիմա այլ միտում կը նկատուի։
Զախարովան նշած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան երաշխիքը Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու կողմէ ձեռք բերուած բոլոր եռակողմ յայտարարութիւններու դրոյթներու լիարժէք իրականացումն է։ «Մենք կարեւոր կը համարենք ստեղծուած իրավիճակին մէջ աշխատանքի աշխուժացումը, տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաշրջափակումը, սահմաններու սահմանազատումը եւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւնները։ Մենք կեդրոնացած ենք այդ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վրայ։ Մենք անոնք կը համարենք ապակառուցողական միտումները կանխելու երաշխիք՝ անկախ անկէ, թէ ով կանգնած է այդ միտումներու ետին»,-եզրափակած է Զախարովան։