image

Կրակոց Երեւանի մէջ. Կան վիրաւորներ

Կրակոց Երեւանի մէջ. Կան վիրաւորներ

Ապրիլ 1-ին վիճաբանութիւն-կրակոց տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ:

Ժամը 23:55-ի սահմաններուն «Աստղիկ» բժշկական կեդրոնէն ոստիկանութեան Մալաթիայի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ «ձախ ազդրի կտրած-ծակած վէրք» ախտորոշմամբ` իրենց մօտ տեղափոխուած է տղամարդ մը:

10 վայրկեան անց նոյն հիւանդանոցէն ահազանգ կը ստացուի ոստիկանութեան Մալաթիայի բաժին, որ «ձախ կրունկի հրազէնային վնասուածք» ախտորոշմամբ` իրենց մօտ տեղափոխուած է քաղաքացի մը:

Պարեկները սահմանազատած են տարածքը եւ ուժեղացուած ծառայութիւն կատարած են:

Ոստիկանները պարզած են, որ վիրաւորներն են` Երեւանի բնակիչներ 25-ամեայ Համլետ Սարգսեանը, որ եղած է դանակահարուած, եւ 26-ամեայ Վռամ Պօղոսեանը, որ եղած է հրազէնային վնասուածքով:

Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են նաեւ, որ նշուած անձերը վնասուածքները ստացած են Բաբաջանեան փողոցի 115 շէնքի բակային հատուածին մէջ, ուր դէպքի վայրի զննութեամբ յայտնաբերուած են 9 մմ տրամաչափի 1 կրակուած պարկուճ եւ արնանման հետքեր:

Կը յայտնուի նաեւ, որ մինչ ոստիկաններու եւ քննիչներու ժամանումը, անյայտ անձեր փորձած են դէպքի վայրէն հեռացնել հետքերը: