Տարածաշրջանին մէջ «ապակառուցողական» քաղաքականութիւն վարելով՝ Ֆրանսան «կրակի վրայ պենզին կը լեցնէ», այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ ընդունելով Միջխորհրդարանական միութեան գլխաւոր քարտուղար Մարթին Չունկոնկը։
Ըստ Ալիեւի՝ պաշտօնական Փարիզը տարածաշրջանին մէջ «լարուածութեան պատճառ կը հանդիսանայ եւ հակաատրպէյճանական քաղաքականութիւն կը վարէ» միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ եւ խորհրդարանական մակարդակով։
Ան Ֆրանսան մեղադրած է այնպիսի քաղաքականութիւն վարելու համար, որ ուղղուած է հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ առաջատար դիրքեր գրաւելուն եւ իր ազդեցութեան ամրապնդման: