ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի հայաշատ Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետ Էլեն Ասատրեանը, օրեր շարունակ մոլեգնող անտառային հրդեհներու լոյսի ներքոյ, յայտարարած է, որ քաղաքը կը վերադառնայ բնականոն հուն եւ պիտի վերականգնուի:
Ան մանրամասնած է, որ Կլենտէյլի մէջ արտակարգ իրավիճակի մակարդակը 2-րդէն իջած է 3-րդի:
«Ձեր դիմացկունութեան եւ մեր խումբերու նուիրուածութեան շնորհիւ մենք այժմ կը գտնուինք արտակարգ իրավիճակի 3-րդ մակարդակի մէջ... Մեր բնակիչներու, ձեռնարութեան սեփականատէրերու եւ քաղաքապետարանի անձնակազմի ուժը, միասնութիւնը եւ աջակցութիւնն անհաւանական եղած է: Եկէք շարունակենք վերակառուցել, աջակցիլ զիրար եւ ամրապնդել այն կապերը, որոնք Կլենտէյլը կը դարձնեն այդքան առանձնայատուկ: Մենք արտասովոր մարդոց համայնք ենք, եւ միասին կրնանք յաղթահարել ամէն ինչ», -ըսած է քաղաքապետը:
Նշենք, որ Քալիֆորնիոյ հարաւը անտառային հրդեհներու հետեւանքով զոհուած է 24 մարդ: