image

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (10)

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (10)

«Ազատ օր»-ի մնայուն աշխատակիցը՝ Գէորգ Քէօշկերեանը, կը թուի որոշած ըլլալ լեզուական ոչ մէկ յառաջդիմութիւն արձանագրել. այս կը հաստատէ 21-7-2021-ի թիւը, որ կը յանձնեմ  ընթերցողներու ուշադրութեան եւ դատողութեան: Դատասատանի՛ն  ալ:

            ***Սկսինք յատկանշական նորութեամբ մը, որ է տեղի յատուկ անուններու  չգլխագրումը. օրինակ՝ ամերիկայի հիւսիս արեւմուտքը, արեւելեան ամերիկայի, եւրոպայի, գերմանիոյ եւ այլն: Լեզուական-ուղղագրական ճիշդ ի՛նչ քաղաքականութուն կամ պատգամ է  այս,− կը մնայ սերտելի ու ճշդելի:

            ---Հիւսիս արեւմուտքը պէտք օժտել միութեան գծիկով մը՝ հիւսիս-արեւմուտք:

            Նոյն  ձեւով ալ՝ հիւսիս-արեւելք, հարաւ-արեւմուտք, հարաւ-արեւելք:  

            Երբ այս չորսը կ’ածականացնենք, ապա միութեան գծիկը կը վերնայ. այսպէս՝ հիւսիսարեւմտեան, հիւսիսարեւելեան, հարաւարեւմտեան, հարաւարեւելեան:

            ***«Առիթը ունեցայ այցելելու՝  աղջկանս Մարալին հետ»:

            ---Բութը սխալ զետեղուած է. ան պէտք է դրուի աղջկանս գոյականին վրայ, քանի ան բացայայտեալն է Մարալին բացայայտիչին, իսկ բացայայտիչը բացայայտեալէն կը տրոհուի բութով մը:

            Այլ օրինակներ՝  Աբելին՝ Կայէնի կրտսեր եղբօր, Երեւանէն՝ Հայաստանի մայրաքաղաքէն,  Թորոսով՝ Մարկոսի ուսուցիչով, Ձէնով  Օհանը՝ Դաւիթի քեռին...

            ***«Գոմէշներու նախիր մը՝ հանդերձ գերդաստանով եւ մեծով-պզտիկով, ճամբուն մէջտեղէն կը քալէին»:

            ---Քալողը հաւաքական ենթակայ նախիր-ն է, որ քերականօրէն եզակի է. ուրեմն՝  «նախիր մը...կը քալէր»:

            Հանդերձ գերդաստանով եւ մեծով պզտիկով: Գերդաստանը իր մէջ արդէն կը կրէ, կ’ընդգրկէ իր մեծ ու պզտիկ՝ բոլոր անդամները, ուրեմն չեմ կրնար ըսել «եւ մեծով պզտիկով», քանի մեծերն ու պզտիկները անջատ չեն եւ չեն գումարուիր գերդաստանին վրայ:

            Կարելի է ըսել սակայն՝ «Հանդերձ գերդաստանով՝ մեծով-պզտիկով»,− որ կը նշանակէ գերդաստանին մէջ էին   անոր մեծերն ու պզտիկները  հաւասարապէս:

            *** «Իսկ ի՞նչն է որ այդ նահանգը կը գրաւէ զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը»:

            ---Կաղ է նախադասութիւնը, այսինքն՝ պարզապէս սխալ կառուցուցած է ան:    Բանաւոր խօսքի մէջ նման կառոյցներ կը սպրդին եւ աննկատ կը մնան, նայած թէ ունկնդիրը որքան գիտէ ու կը հասկնայ լեզուն:

            Ուրեմն պէտք էր զայն կառուցել հետեւեալ ձեւերէն մէկով.

            «Իսկ այդ նահանգին ի՞նչն է,  որ կը գրաւէ զօսաշրջիկներուն  ուշադրութիւնը:

            «Իսկ այդ նահանգը իր ինչո՞վ կը գրաւէ զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը:

            Չեմ բացառեր, որ գտնուին այլ միջոցներ եւս:        

            ***«2-3 միլիոն զբօսաշրջիկներ... կու գան աշխարհի չորս ծագերէն, շնորհիւ ազգային այդ զբօսայգիին»։

            ---Այստեղ սխալ ընտրուած է շնորհիւ յետադրական բառը:

            Պէտք էր  փոխարէնը կիրարկել սիրոյն  յետադրութիւնը եւ ըսել.

            «2-3 միլիոն զբօսաշրջիկներ... կու գան աշխարհի չորս ծագերէն, ազգային այդ զբօսայգիի  սիրոյն»:

            *** Թհամըս Ճէֆըրսըն

            ---Տառադաձական երկու  թերութիւն կը գտնեք այս յատուկ անունին մէջ:

            Պէտք չկար անգլերէնը Th-ը փոխարինել հայերէնի Թհ-ով:

            Մեսրոպեան Թ խուլ շնչեղ տառը գումարն է արդէն անգլերէնի եւ այլ լեզուներու Th-ին, որ է յունական  Θ-ն: Ուրեմն աւելորդ  է Թ-ին կից դրուած հ տառը: Այլ խօսքով՝ Թամըս:

            Մենք պէտք է այլապէս ալ գիտնանք, որ կը գրենք Թոմաս...ասոնք բոլորը կը յենին  Յիսուսի համանուն աշակերտի  անուան տառադարձութեան վրայ:

            Այս ալ աւելցնեմ, որ Թհամըս-ը հայերէն կարդալու մէ՛կ ձեւ կայ՝ Թը-հա-մըս:

            Նոյն սխալները կը գտնենք աւելի անդին  Սաութհ Տաքոթա  եւ Թհիոտոր անուններուն առթիւ. պարզ է, որ ասոնք իրենց կարգին պարտին գրուիլ Սաութ եւ Թիոտոր:

            Ճիշդ չէ տառադարձուած Ճէֆըրսըն-ը եւս. է տառը աւելորդ է: Այդ դիրքի վրայ (ետեւէն երրոդ վանկը)   է ունեցող հայերէն բառ չկայ:  Չի կրնար ըլլալ: Նման բարբարոսութիւն միայն «Մարմարա»-ն եւ Հատտէճեանը կը գործեն:

            Այո, Հատտէճեան թեթեւ ձեռքով ու մանաւանդ խղճով կը յաջողի, առանց դողդղալու,  գրել՝  Ռօժէր Ֆէտէրէր[1]: Սա այնպիսի անէծք մըն է, որ ի զօրու  է մինչեւ վերջին ահեղ դատաստանը: Նայինք հոն, Մեսրոպի ներկայութեան, ինչպէ՛ս  հաշիւ պիտի տայ ու ինչպէս պիտի հոգին փրկէ տարտարոսի  անշէջ կրակներէն: Շատ պիտի զղջայ, սակայն ականջ կախող պիտի չըլլա՜յ: Շատ-շատ պիտի ըսուի. «Խազմարար անառա՛կ որդի, քանի՜ցս զգուշացուցի քեզ  դպիրներուս ու աշակերտներուս բերնով,  սակայն ականջ չկախեցիր»:

            ***«Կ՛ըսուի նաեւ որ ամերիկեան ջոկատի պարտութիւնն է՝ որ պետութիւնը չի հովանաւորէր այս ծրագիրը»:

                ---Այսպէս հայերէն չի մտածուիր ու չի գրուիր. ամէն բան սխալ ծրագրուած ու գործադրուած է:  Պէտք է արձանագրուէր.

            «Կ’ըսուի նաեւ, որ ամերիկեան ջոկատի պարտութիւնն էր, որ մղեց պետութիւնը չհովանաւորելու այս ծրագիրը»:

            «Կ’ըսուի նաեւ, որ ամերիկեան ջոկատի պարտութեան պատճառով պետութիւնը չհովանաւորեց  այս ծրագիրը»:

            «Կ’ըսուի նաեւ, որ ամերիկեան ջոկատի պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ պետութիւնը չհովանաւորէր այս ծրագիրը»:

            ***«Չորս նախագահներու դիմանկարները քանդակուած ժայռի վրայ, կը գտնուի South Dakota նահանգին մէջ»։

                ---Քանի կ’ակնարկուի քանդակի, ապա պարտինք ըսել դիմաքանդակները եւ ոչ դիմանկարները: Այս վերջինը կը կատարուի պաստառի կամ թուղթի կամ որեւէ այլ գծադաշտի վրայ՝ մելանով, ներկով, մատիտով եւ այլնով:

            Կարելի է ըսել նաեւ՝ «դիմագիծերը՝ քանդակուած ժայռի վրայ». որովհետեւ գիծը յատուկ է թէ՛ ներկին, թէ՛ քանդակին:

            ***Ենթադրելի է, որ անուշադրութեան վրէպներ են՝ արդեն, որ պէտք է ըլլայ արդէն, եւ չի հովանաւորէր, որ պէտք է ըլլայ  չի հովանաւորեր  կամ չհովանաւորէր:

          armenag@gmail.com                                                                                    Արմենակ Եղիայեան



[1]  Ետ չի մնար Տէմէթէր-ը, որ կը գտնենք «Ազդակ»-ի  մէջ (24-7-21, էջ 5), որուն ճիշդ  ձեւը պիտի ըլլար Տեմեթեր.  հայերէնը  էր-ով աւարտող յատուկ անուն չունի. օրինակ՝  Աբեններ, Աբիեզեր,  Աբլազեր,  Արոյեր, Ափեր,  Գաբեր, Գադեր, Գազեր, Գաթեր, Եսթեր, Մհեր, Լուտեր, Խաչեր, Վարդեր եւ այլն: