image

Հալէպ. Հանդիպում Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայի եւ Պատանեացի առաջնորդներուն հետ

Հալէպ. Հանդիպում Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայի եւ Պատանեացի առաջնորդներուն հետ

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, օրերս, հանդիպում ունեցած է Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցիի կիրակնօրեայի եւ պատանեաց առաջնորդներուն հետ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցւոյ պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ հաղորդագրութիւնը՝

Ուրբաթ, 16 Յունուար 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հանդիպում ունեցաւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցիի կիրակնօրեայի եւ պատանեաց առաջնորդներուն հետ։

Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան անցնող օրերուն Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակին բերած դժուարութիւնները։ Ներկաները բաժնեկցեցան իրենց յոյզերն ու ապրումները այս առնչութեամբ։ Ապա ներկայացուցին գալիք օրերուն իրագործելի ծրագիրներն ու գործունէութիւնները։

Իր կարգին, Վերապատուելին քաջալերեց առաջնորդները, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։