Ընթերցումներս (60)
Անհամասեռութիւն (3)
Բայական անհամասեռութիւն (բ)
Ինչպէս ըսինք նախորդիւ, անհամասեռ կառոյցը իր երբեմն ճկունութեամբ, ծաւալով, բարեհնչութեամբ այնքան գրաւիչ է ու տիրական, որ գրողը, նոյնիսկ ուշադիր գրողը, յաճախ կը սայթաքի՝ մտքին ծայրէն իսկ չանցընելով համասեռ տարբեդրակը:
Օրինակ՝
--Ահա իմ հասկցած ու հաւատացած բարեկամութիւնս:
Կարճ, կոկիկ, յստակ ու հաղորդական:
Բայց եւ այնպէս անհամասեռ ու մերժելի՝ ուշադիր ու նուրբ ականջին համար, որ պիտի փնտռէր համասեռ ձեւը, որ, սակայն, ծանծաղ ու տաղտկալի է:
Արդարեւ, բարեկամութիւնս գոյականը այստեղ ունի երկու անհամասեռ որոշիչներ, որոնց երկուքն ալ դերբայներ են՝ հասկցած եւ հաւատացած:
Հասկցած-ը ներգործական է եւ կը պահանջէ հայցական հոլով խնդիր, որ է բարեկամութիւն ճիշդ ձեւը:
Հաւատացած-ը չէզոք է եւ կը պահանջէ տրական հոլով խնդիր, որ պէտք է ըլլայ բարեկամութեան:
Ինչպէ՞ս լուծել այս կացութիւնը, որ դժբախտաբար շատ տարածուած կաղապար մըն է ընդհանուր հայերէնի մէջ՝ արեւելահայ թէ արեւմտահայ հաւասարապէս:
Ահաւասիկ՝
--Ահա այն բարեկամութիւնը, (զ)որ ես կը հասկնամ եւ որուն կը հաւատամ:
Սա իր ծաւալով բնօրինակին կրկնապատիկն է, չհաշուած քերականական զանազան համաձայնութիւնները, որոնց հարկ եղաւ դիմել:
Այս այսպէս է, կարելի չէր կացութիւնը դարմանել դերբայներով:
Անշուշտ այս վերջինը այնպիսի կառոյց մըն է, որուն դժուար թէ իր գրողական ու մանաւանդ խօսողական թափը առած անձը յօժարէր համակերպիլ, մինչ անդին այնքան դիպուկ ու կոկիկ, այլեւ պարզ է անհամասեռ կառոյցը, եւ այնքան... ընդհանրացած:
Հետեւեալը մեր սերտածին մէկ բարդ ստորադասական նմանակն է:
--Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որուն կարելի չէ ահաբեկել կամ սպառնալ («Ազդակ», 11/7/2025, էջ 2):
Բազմակի անդամները կը գտնուին ստորադաս նախադասութեան մէջ՝ ահաբեկել եւ սպառնալ, որոնց առաջինը ներգործական է, իսկ երկրորդը՝ չէզոք:
Հետեւաբար ասոնք պարտէին ունենալ երկու տարբեր հոլովի լրացումներ՝
-- հայցական հոլով ահաբեկել-ին համար,
--տրական հոլով՝ սպառնալ-ին համար:
Բայց ահա իր յեղափոխաշունչ մարտակոչին անձնատուր՝ այս նանրաբան հերոսին վերջին հոգն էր հայերէնն ու անոր ոճաբանութիւնը, որ աւելի գիտակ գրիչ
մը պիտի շարադրէր սապէս.
--Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ կարելի չէ ահաբեկել կամ որուն սպառնալ:
--Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ կարելի չէ ահաբեկել կամ սպառնալ անոր:
* * *
Սերտենք նաեւ հետեւեալ իւրայատուկ անհամասեռութիւնը.
--Ան սպառնացած է եւրոպական այն աւագանիին, որոնք կը մասնակցին Մոսկուայի զօրահանդէսին:
Այս օրինակի անհամասեռութիւնը կը կայանայ ն աւագանին յարաբերեալին եւ անոր տրուած է որոնք յարաբերականին միջեւ:
Ի՞նչ մտածել այս կառոյցին մասին:
Իսկ ի՞նչ մտածած է մեզմէ առաջ զայն գրողը ինքը:
Յօդուածագիրը ի մտի ունի, որ աւագանի կառոյցը նշանակութեամբ յոգնակի է, կը նշանակէ աւագները, մեծերը, փորձառուները:
Եւ ահա այս մտածումով ալ՝ աւագանի-ին տուած է յոգնակի յարաբերական մը՝ որոնք , անշուշտ յոգնակի բայով՝ կը մասնակցին :
Իր սխալը կը սկսի ճիշդ այստեղ:
Աւագանի, այո, կը նշանակէ աւագներ, սակայն ան ըստ ձեւի չի համապատասխաներ, չի հաւասարիր արդի հայերէնի ներ-ով կազմուած յոգնակի թիւ ունեցող գոյականներուն: Այդ պատճառով ալ լեզուն զայն իբրեւ յոգնակի կառոյց չ’ընդունիր, ճիշդ ինչպէս յոգնակի չեն՝
--բանակ, որ կը նշանակէ բազմաթիւ զինուորներ,
--աշակերտութիւն, որ կը նշանակէ բազմաթիւ աշակերտներ,
--ընտանիք, որ կը նշամակէ բազմաթիւ անդամներ,
--ժողովուրդ, որ կը նշանակէ մեծաթիւ քաղաքացիներ:
Ասոնք բոլորը կը կոչուին «հաւաքական անուններ», որոնք նշանակութեամբ յոգնակի են, այո, սակայն քերականօրէն յոգնակի չեն:
Մենք կ’ըսենք՝
--«Բանակը յարձակեցաւ»,- եւ չենք ըսեր «բանակը յարձակեցան»:
Գիտնալով հանդերձ, որ բազմաթիւ զինուորներ յարձակեցան:
Պարագան նոյնն է միւս հաւաքական անուններուն համար, որոնք կ’ընկալուին իբրեւ եզակի գոյականներ, հետեւաբար եզակի ստորոգիչ կը պահանջեն՝ յարձակեցաւ..., բայց նաեւ՝ եզակի յարաբերական դերանուն՝ որ.
--բանակը, որ յարձակեցաւ,
--աշակերտութիւնը, որ վերադարձաւ դպրոց,
--ընտանիքը, որ ճամբորդեց հայրենիք,
--ժողովուրդը, որ կը պատուէ իր հերոսները:
Այնպէս ալ՝
--աւագանիին, որ կը մասնակցի:
Աւագանի-ին ածանցը ունին նաեւ՝
--տեսականի=տեսակներ --նամականի=նամակներ
--առածանի=առածներ --ընտրանի=ընտիրներ
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com