image

«Կինէս»ի ամենագիրուկ մարդն ու «Քորոնա»ն

«Կինէս»ի  ամենագիրուկ  մարդն ու «Քորոնա»ն

2017 թուականի «Կինէս»-ի աշխարհի մրցանիշերու գիրքին մէջ «աշխարհի ամէնէն գէր մարդ»   համարուած՝ մեքսիքացի Խուան Փետրօ Ֆրանքօն, ամիս մը առաջ յայտարարած էր, թէ վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Ան այսօր կրցած է յաղթահարել հիւանդութիւնը:

36-ամեայ Ֆրանքօն, որ ներկայիս կը կշռէ աւելի քան 200 քկ., «Ֆրանսբրէս»ին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է.-«Վիճակս բաւական բարդ էր, որովհետեւ հիւանդութիւնը արագ կը տարածուէր, իսկ իմ ծանր  կշիռքիս  պատճառաւ, կը դիմագրաւէի աւելի մեծ վտանգներ: Կը տառապէի գլխացաւէ, մարմնի կոտրտուքէ, բարձր ջերմութենէ եւ շնչառական դժուարութենէ»:

Ֆրանքոյի ուղեկցող հիւանդութիւնները, ինչպէս շաքարախտը, արեան ճնշումը եւ թոքային հիւանդութիւնը, բոլորը դժուարացուցած էին անոր պայքարը «Քովիտ»-ին դէմ, բայց եւ այնպէս ան յաղթահարած է հիւանդութիւնը:  

Լուրը՝ «Ալ Ժումհուրիյա»-էն