image

Պայմանագրային զինծառայող մահացած է

Պայմանագրային զինծառայող մահացած է

Գիշերը դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ մահացած է պայմանագրային զինծառայող Սարգիս Արթուրի Խաչատրեանը, յայտնած է պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

«Յուլիսի 3-ին՝ ժամը 00:45-ի սահմաններում, ՊՆ N զօրամասի պահպանութեան տեղամասում, դեռեւս չպարզուած հանգամանքներում կեանքի հետ անհամատեղելի հրազէնային վնասուածք է ստացել պայմանագրային զինծառայող Սարգիս Արթուրի Խաչատրեանը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Գերատեսչութենէն նշած են, որ դէպքի հանգամանքներն ամբողջովին պարզելու նպատակով քննութիւն կ՚ընթանայ։