Օրերս Ֆրանսայի մէջ իր յաւիտենական հանգիստը գտած է Հայ Կաթողիկէ կղերի նուիրեալ հայրերէն՝ Գերյ. Անդրանիկ Ծ. Վ. Ադամեան։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութեան կայքէջէն։
Ստորեւ այդ մասին տրուած մահագրութիւնը։
Կիրակի` 30 Յունիս 2024-ի առաւօտեան, Ֆրանսայի մէկ հիւանդանոցին մէջ Հոգին աւանդեց առ Հայր` Գերյ. Անդրանիկ Ծ. Վ. Ադամեան։
Ան ծնած էր Գամիշլի 26 Յունիս 1948ին։ Փոքր տարիքին մուտք գործած էր Զմմառու կղերանոց, որտեղէն ուղարկուած էր Հռոմ, Լեւոնեան Ք. Վարժարան, 19 սեպտեմբեր 1967-ին։
Եկեղեցական ուսումնառութիւնը աւարտելէ ետք վերադարձած էր իր ծննդավայրը, ուր քահանայ ձեռնադրուած էր 16 սեպտեմբեր 1973ին, ձեռամբ այդ ժամանակուայ տեղւոյն վիճակաւոր` Արհի. Գրիգոր Եպիսկոպոս Այվազեանի։