image

Խոզի միսի ներածման առընթեր՝ սահմանափակումներ

Խոզի միսի ներածման առընթեր՝ սահմանափակումներ

Խոզերու ափրիկեան ժանտախտ հիւանդութեան մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն կանխելու նպատակով, համաձայն ՀՀ սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմնի ղեկավարի հրամանի՝ 17 Սեպտեմբերէն ժամանակաւորապէս պիտի արգիլուի 7 երկիրներէ՝ Ռումինիայէն, Մոլտովայի Հանրապետութենէն, Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութենէն, Լաթվիայի Հանրապետութենէն, Լեհաստանէն, Հունգարիայէն եւ Պուլկարիոյ Հանրապետութենէն, կենդանի խոզերու, անոնց գենետիկական նիւթերու, խոզի միսի եւ այլ սննդային մսային հումքի, վայրի խոզի միսի, իրենց բաղադրութեան մէջ խոզի միս պարունակող պատրաստ արտադրանքներու, եղջիւրակճղակային, կաշիէ, աղիքային հումքի, խոզաստեւի, որսորդական յաղթանշաններու, խոզերու կերակրման համար բոլոր տեսակի կերերու եւ լրացակերերու ներմուծումը:

ՍԱՏՄ-էն NEWS.am-ին յայտնած են, որ սահմանափակման համար հիմք ծառայած է նշուած երկիրներու մէջ արձանագրուած խոզերու ափրիկեան ժանտախտ հիւանդութեան վերաբերեալ Կենդանիներու առողջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (OIE) պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած տեղեկատուութիւնը: