image
Հրատապ լուրեր:

Մոնթրէալի մէջ. ԹՄՄ-ի կազմակերպութեամբ Խնդուքի թագաւոր՝ Գէվ Օրգեանի աննախընթաց ներկայացումը

Մոնթրէալի մէջ. ԹՄՄ-ի կազմակերպութեամբ  Խնդուքի թագաւոր՝ Գէվ Օրգեանի աննախընթաց   ներկայացումը

  

Օրերս Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կազմակերպութեամբ՝ յաջող մենակատար,  կատակերգակ Գէւ Օրգեան ձեռնարկ մը ունեցաւ  Մոնթրէալի մէջ:

Ձեռնարկին մասին իմացանք  Գանատայի «Ապագայ» պարբերականէն։

 

Յաջող մենակատար կատակերգակներու (Stand-up Comedian) կը հանդիպինք միայն համաշխարհային շրջանակի մէջ, ընդհանրապէս՝ Ամերիկեան, երբեմն ֆրանսական հանրածանօթ անուններու ներկայութեամբ: Մրցակցութիւնը ահաւոր է, իսկ ենթակային յաջողութեան պսակումը խնդրական:

Ասոր վրայ կ’աւելցնենք դաշնամուրի աներեւակայելի ճարպիկ կատարումը՝ միաձուլուած կատակներու, եւ ահաւասիկ մեզի կը ներկայանայ Kev Orkian մը իր արհեստավարժ ելոյթով, տաղանդով:

Սակայն Kev Orkian, այսքանով ալ չի գոհանար. չի սահմանափակուիր իր յաջողութեան գաղտնիքը, այլ հայկական սէրն ու ազգային հպարտութիւնը կ’արտացոլեն կատակներու իր ոսպնեակին տակ: Եւ այս բոլորը՝ պահելով համաշխարհային իր հանգամանքն ու համբաւը:

Այսպէս ըմբոշխնեցինք զինք 29 Մարտ 2025-ի Շաբաթ երեկոյ՝ Centre Armenie շքեղազարդ սրահին մէջ: Ծովածալ բազմութիւն մը եկած էր մոռնալու իր առօրեայ մտահոգութիւններն ու միաժամանակ խնդալով վայելելու բարձրորակ համոյթ մը:

Այդ որքա՜ն աշխուժութիւն: Մօտ երկու ժամուայ տեւողութեան, անդադար, Kev Orkian անսայթաք պահեց իր փոխանցիկ խանդավառութիւնը: