image

Խմբագրական «Պայքար»ի. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ RAMBO-Ն

 Խմբագրական «Պայքար»ի. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ RAMBO-Ն

 

Այս բռնցկամարտը ցոյց կու տայ թէ ի՞նչ մակարդակի վրայ կը գտնուի Հայաստանի քաղաքական մշակոյթը: Ազգային Ժողովին մէջ շիշ նետելը, կիցով իրար հարուածելը դարձած են սովորական երեւոյթներ, որոնց մէկ արտայայտութիւնն էր նաեւ Սիմոնեան-Դանիէլեան ճակատումը:Ֆիլմաշխարհի մէջ ծանօթ է Ռամպօ անունով հերոսը որուն կերպարով հանդէս եկած են Sylvester Stallone-ն եւ Richard Crennan-ն: Ան հերոս մըն է որ իր փայլեցուած մկաններով հպարտացած կռիւ կը փնտռէ եւ անպայման յաղթական դուրս կու գայ այդ կռիւներէն:

Այնպէս կը թուի թէ այս օրերուն Հայաստանի իշխանութիւնները Ռամպօ-ի դերը վստահած են Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի:

Սիմոնեան օժտուած է փայլուն ճարտասանութեամբ: Միշտ պատրաստ է դիպուկ պատասխաններով զգետնելու իր հակառակորդը: Այդ չափով ան կ'արդարացնէ իր վրայ դրուած իշխանութեանց յոյսն ու վստահութիւնը: Սակայն, հարց է թէ ան որքանով կ'արժեցնէ այդ տուեալները իբրեւ պետական դէմք: Արդեօք տեղին կը գործածէ՞ իր բնատուր շնորհները:

Սիմոնեանի կարգ մը ելոյթները ցոյց կու տան թէ իր խօսքի բռունցքը անպայման չէ որ կը գործածէ տեղին, խնդիրներ յարուցանելով թէ իր անձին եւ թէ ալ` իր ներկայացուցած իշխանութեան:

Արդար ըլլալու համար ըսենք թէ ընդդիմութիւնը եւ Սիմոնեանի ընդդիմախօսները յաճախ կ'երթան ծայրայեղութեան` փորձութեան մատնելով զինքը:

Սիմոնեան գտնուած է կարգ մը իրավիճակներու մէջ ուր բարոյապէս պարտեալ դուրս եկած է իր մարտնչումներէն, նոյնիսկ եթէ յաջողած է ըմբերանել իր հակառակորդը:

Ներկայացնենք քանի մը պարագաներ.

ա/ Օր մը Սիմոնեանի տան առջեւ կը պարզուի «Ատեքվաթ»ներու պետը` Արթուր Դանիէլեան, մարտահրաւէր կարդալով Սիմոնեանին: Սիմոնեան դուրս կու գայ իր տունէն ու ջարդ ու փշուր կ'ընէ Դանիէլեանի քիթը, զայն ղրկելով հիւանդանոց. թէեւ, պէտք է աւելցնել որ Դանիէլեան ֆիզիքապէս այնքան ալ ճղճիմ անձնաւորութիւն մը չէ:

Այս բռնցկամարտը ցոյց կու տայ թէ ի՞նչ մակարդակի վրայ կը գտնուի Հայաստանի քաղաքական մշակոյթը: Ազգային Ժողովին մէջ շիշ նետելը, կիցով իրար հարուածելը դարձած են սովորական երեւոյթներ, որոնց մէկ արտայայտութիւնն էր նաեւ Սիմոնեան-Դանիէլեան ճակատումը:

Ընդդիմութիւնը մտած է գռեհիկ գրգռութեանց դաշտին մէջ, ներքաշելով նաեւ իշխանութիւնն ու իշխանաւորները: Այս վերջինները կը թուի թէ շատ ալ համոզուած չեն իրենց տարած յաղթանակին, որ դեռ հարկ կը զգան բռունցքով հակադարձելու հակառակորդին ու հաստատելով որ արժանի չէին իրենց յաղթանակին: Չկայ պետականավայել վարուելակերպ եւ վեհանձն կեցուածք:

Եւ այս բոլորը այն պահուն երբ թշնամին ներխուժած է Հայաստանի սահմաններէն ներս ու երիտասարդ կեանքեր կը խլէ ամէն օր:

բ/ Սիմոնեան պաշտօնական այցով կը մեկնի Մոսկուա եւ այնտեղ կը դիմաւորուի լրագրողներով, որոնք, ի պաշտօնէ պէտք է սուր հարցումներ տան, եւ դիւանագէտին ու պետական մարդուն կը մնար պատասխանել կամ չպատասխանել, եւ պատասխանելու պարագային` մնալ կիրթ ու գործածել դիւանագիտական լեզու:

Լրագրողներէն մէկուն հարցին թէ` ինչո՞ւ հայերը Շուշին յանձնեցին Ատրպէյճանին, Սիմոնեան կը պատասխանէ - «Իսկ մեր ժողովուրդին մօտ կայ կարծիք որ ռուսերն էին որ յանձնեցին Շուշին»:

Այս պատասխանը գնահատանքի եւ ծափահարութեան արժանացաւ Հայաստանի պետականամէտ մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ:

Իսկապէս ալ դիպուկ պատասխան: Սակայն, տե՞ղն էր այդ պատասխանին եւ պէ՞տք էր ռուսերու զգայուն մէկ կէտին դպիլ: Մամուլի մարդ մը կրնար նման արտայայտութիւն ունենալ: Սակայն, պետական մարդու խօսքը կրնայ հետեւանքներ ունենալ. եւ, ունեցաւ: Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յանդիմանական պատասխանով մը որ Հայաստանի պետական շրջանակները կ'այպանեն Քրեմլինը Շուշիի հարցով:

Սիմոնեանի խօսքին մէջ անկասկած որ կար ճշմարտութիւն: Սակայն այդ ճշմարտութիւնը հրապարակելու համար պետական մարդը պէտք է կշռէ իր երկրին յարաբերութիւնը հիւրընկալ երկրին հետ եւ ապա խօսի. մանաւանդ նկատի ունենայ երկուքին փոխադարձ կախեալութիւնը եւ համեմատական ոյժը:

«Սահման քաջաց զէնն իւրեանց» իմաստութիւնը ականջի օղ պէտք է ըլլայ մեր պետական դէմքերուն:

գ/ Այլ առակ լուարուք – Ալէն Սիմոնեանի պաշտօնական վերջին այցելութիւններէն մէկը կայացած էր Փարիզի մէջ: Այնտեղ կարգ մը լրագրողներ կը շրջապատեն պետական հիւրը եւ հարց կու տան անոր Ատրպէյճանի մօտ իբրեւ ռազմագերի մնացող հայ զինուորներու մասին: Պր. Սիմոնեան, կը զայրանայ եւ անխոհեմ արտայայտութիւններ կ'ունենայ ըսելով - «Գիտէ՞ք, որ էդ գերիները այն մարդիկն են, ովքեր զէնքը դրել են եւ փախել: Ես գերիներին համարում եմ, որ արդէն իրենք չկան, իրենք իմ համար չկան»:

Այս զրոյցը գաղտնօրէն արձանագրուած է տեսաերիզի վրայ եւ հրապարակուած:

Անշուշտ, ստորնութիւն է Հայաստանի պետութիւնը վարկաբեկելու համար նման երիզ մը հրատարակելը, քաղաքական դրամագլուխ հայթայթելով Ատրպէյճանին:

Սակայն, առաջին հերթին այդ կացութեան պատասխանատուն է ինքը` Սիմոնեանը նման չափի «անկեղծանալու» համար: Իր խօսքը ընդունուած է իբրեւ պետական վարքագիծ քաղաքական փոթորիկ մը յառաջացնելով Հայաստանի մէջ: Ռազմագերիներուն ընտանիքները զայրացած` ելած են ցոյցի, պահանջելով Ալէն Սիմոնեանի հրաժարականը:

Դժբախտաբար իշխանութեան ներկայացուցիչներուն մեծամանութիւնը կը բաղկանայ անդիւանագէտ դէմքերէ: Ամէն պաշտօնի վրայ կը տեղաւորեն միայն իւրայինները, առանց նկատի ունենալու անոնց կարողութիւնն ու փորձը:

Գալով Պր. Սիմոնեանին, ան պէտք է Ռամպօի դերը թողու ամերիկեան ֆիլմերուն եւ պատրաստուի դիւանագիտական դասերու հետեւելու, եթէ մտադիր է իր ներկայ պաշտօնը աւելի երկար պահելու...:

 

 Երուանդ Ազատեան 

 Գլխաւոր խմբագիր ՝ «Պայքար»ի