Քաղաքագիտական տարրական հասկացողութիւն է, որ բանակցողը, մանաւանդ երբ պարտուած կողմ է, իր բանակցային դիրքերը ամրացնելու համար պէտք ունի զիջումները մերժող զանգուածային ուժի: Այդ ուժին յղում կատարելով է, որ բանակցողը կարմիր գիծերէն անդին չանցնելու ահազանգը կը զգայ եւ կը հնչեցնէ, նման պայմաններու մէջ նուազագոյն վնասով դուրս գալու համար: Այս իշխանութիւնները նման վարքագիծով անարգել կ՛ուզեն զիջիլ եւ ընթանալ միայն հակառակորդի թելադրած կանոններուն ընդառաջ: Այս ընթացքը պատերազմի հաւանականութիւնը աւելիով կը բարձրացնէ: Թշնամին իր դիմաց չի տեսներ իր պահանջներուն ընդդիմացող ուժ եւ կը պահանջէ աւելին, այլապէս կը սպառնայ պատերազմով:
Մայիս ամիսը հայ ժամանակակից պատմութեան մէջ յաղթանակներ խորհրդանշող ամիս է: Շուշիի ազատագրում, հայրենական պատերազմ, պաշտպանութեան բանակի հիմնադրութիւն, մայիսեան հերոսամարտեր: Ճիշդ է, որ յատկապէս Շուշիի անկումէն ետք մթագնեցաւ եռատօնը, այդուհանդերձ պատմական փաստերը կը շարունակեն ուղենշել մեր համազգային երթը:
Շուշիի թէ՛ ռազմավարական, թէ՛ մշակութային եւ թէ՛ խորհրդանշական կարեւորութեան կը գիտակցի նաեւ Ազրպէյճանը, որ փաստօրէն չհամաձայնեցաւ հրադադարին, մինչեւ Շուշիի գրաւումը: Պատահական չէ, որ Թուրքիոյ նախագահին այցելութիւնը չուշացաւ Շուշի: Երբեք պատահական չէր նաեւ, որ Շուշիի մէջ հրապարակուեցաւ թուրքեւազրպէյճանական ռազմավարական դաշինքի հռչակագիրը` «Շուշիի հռչակագիր» բանաձեւով: Նոյնքան ծրագրուած էին նաեւ Ազրպէյճանի մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցիչներու Պաքուի կողմէ կազմակերպուած այցելութիւնները Շուշի: Մտածենք նաեւ, որ հոգեւոր- մշակութային ժառանգութեան կեդրոն նկատուող Շուշիի մէջ կը տարուին ճարտարապետական կոթողներու նենգափոխումները, պատմութեան կեղծարարութեան գործողութիւնները: Բնակեցման առաջնային թիրախ ընտրուած է Շուշին, մինչ հիմնայատակ հարթեցումի կ՛ենթարկուի Շուշիի անմիջականութեան գտնուող Քարինտակը:
Մայիսեան յաղթանակներու դրական հետեւանքներէն մնացած են 1918-ի հերոսամարտերը: Արցախի պաշտպանութեան բանակը կազմալուծուած է, Շուշին` գրաւուած, հայրենական պատերազմին յաղթած Խորհրդային Միութիւնը` կազմաքանդուած: Կը մնայ Մայիս 28-ով կերտուած հանրապետութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակութիւնն է մայիսքսանութեան Հայաստանին, որ այսօր կը դիմագրաւէ գոյութենական սպառնալիքներ: «Շուշիի հռչակագիր»-ով միացեալ ռազմավարութիւն ճշդած թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը կը սպառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան: Ներխուժուած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները, Անգարան Երեւանի հետ յարաբերութիւններու հաստատումը կը պայմանաւորէ Պաքուի թելադրած պայմաններուն կատարումով:
Պայմանները սկսած են Տաւուշի գիւղերու յանձնումէն, կը հասնին մինչեւ Սիւնիք, անցնելով անքլաւներու վերադարձի պահանջէն:
Պաշտօնական Երեւանը ներկայացնողները փոխզիջումներով սահմանազատում իրականացնելու օրակարգը կ՛ընկալեն միակողմանի զիջումներով եւ առանց որեւէ բան ստանալու, առանց որեւէ երաշխիքի կը զիջին հայկական զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ: Վտանգը աւելիով մօտեցնելով հայրենիքին:
Միակողմանի այս զիջողականութեան դիմաց թափ հաւաքող շարժումի դէմ ձեռնարկուած է հեղինակազրկման արշաւ: Շարժումը կը ներկայացուի իբրեւ ռազմատենչ, խաղաղութեան փոխարէն պատերազմ նախընտրող ընտրանք, որ կը մերժէ սահմանագծում իրականացնել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ:
Քաղաքագիտական տարրական հասկացողութիւն է, որ բանակցողը, մանաւանդ երբ պարտուած կողմ է, իր բանակցային դիրքերը ամրացնելու համար պէտք ունի զիջումները մերժող զանգուածային ուժի: Այդ ուժին յղում կատարելով է, որ բանակցողը կարմիր գիծերէն անդին չանցնելու ահազանգը կը զգայ եւ կը հնչեցնէ, նման պայմաններու մէջ նուազագոյն վնասով դուրս գալու համար: Այս իշխանութիւնները նման վարքագիծով անարգել կ՛ուզեն զիջիլ եւ ընթանալ միայն հակառակորդի թելադրած կանոններուն ընդառաջ: Այս ընթացքը պատերազմի հաւանականութիւնը աւելիով կը բարձրացնէ: Թշնամին իր դիմաց չի տեսներ իր պահանջներուն ընդդիմացող ուժ եւ կը պահանջէ աւելին, այլապէս կը սպառնայ պատերազմով:
Սահմանազատումը հատուածային ձեւաչափով սկսելու հայկական կողմի համաձայնութիւնը վտանգաւոր է: Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու առանց որեւէ պայմանագրային համաձայնութեան, Երեւանը կ՛անցնի զիջումներու: Աւելի՛ն. առանց ներխուժուած տարածքներէ հեռանալու Ազրպէյճան կը ստանայ նոր տարածքներ: Եւ այսպէս շարունակ:
Տարբեր խնդիր, որ Պաքուն չի յարգեր իր կողմէ ստորագրուած որեւէ պայմանագիր: Տասնամեակներ շարունակ չյարգեց 1994-ի հրադադարի համաձայնութիւնը: Ստորագրած օրէն անմիջապէս ետք խախտեց նոյեմբերեան յայտարարութիւնը, ոտնահարեց Ալմա Աթայի հռչակագիրը եւ ներխուժեց հայաստանեան տարածք:
Հետեւաբար սին են այն բոլոր յայտարարութիւնները, որ Տաւուշէն սահմանազատման գործընթաց սկսելով, շփման գիծը սահմանի վերածելով, կամ զօրքը սահմանապահով փոխարինելով, օրինականացնելով կանխարգիլուած կ՛ըլլան նոր գրոհները:
Այս իշխանութիւններուն օրով գրաւուեցաւ Շուշին, տապալեցաւ հայոց երկրորդ հանրապետութիւնը, ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ Արցախի ժողովուրդը, կազմաքանդուեցաւ Արցախի պաշտպանութեան բանակը: Հիմա խնդրոյ առարկայ սկսած են դառնալ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները:
Մայիսեան տօներու նշումէն մնացած են մայիսեան հերոսամարտերն ու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը: Իշխանափոխութիւնը հրամայական է` պահպանելու համար մնացածը եւ վերակերտելու կորսուածը: