AMAA-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ Արէն Տէյիրմենճեանի գրիչէն կը կարդանք՝
Մակերեսային խաղաղութիւնը համաձայնագիրի կտոր մը թուղթի վրայ կամ սահմանազատման գործընթացին մէջ երկար կեանք չ'ունենար, եթէ մենք հաշտ չըլլանք մենք մեզի հետ: Մենք նորէն ու նորէն կ'ապացուցենք, որ մեր խնդիրներուն մեծ մասը կը գտնուի մեր ներսը:
Սիւնիքի հռչակաւոր Խուստուփ լերան ստորոտին Տիգրան Համասեանի համերգի ժամանակ ազդու զրնգոցով կը հնչէին այն «սրբավայր» կոչող խօսքերը։ Նժդեհի հերոսամարտերու ընթացքին մեր նախնիները կ'երթային այնտեղ՝ աղօթելու եւ ներքին խաղաղութիւն գտնելու։ Այնտեղ ըլլալով՝ դժուար չէր հասկնալ, թէ՝ ինչու:
AMAA-ն (Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւն) կը շարունակէ Հայաստանի մէջ նոր նախաձեռնութիւններ ծրագրել, որպէսզի վերստեղծէ այն, ինչ որ մեզի՝ հայերուս, այդքան յաջողակ դարձուց։ Այնպիսի վայրեր, ուր ինքնաճանաչումը, միտքի ու հոգիի սնուցումը եւ ներքին խաղաղութիւնը կ'ըլլան մեր ուշադրութեան կեդրոնը:
Թերեւս մեր նախնիները գիտէին, թէ ինչ կ'ընէին։