Միայն երկու պետութիւն գումար վճարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախաձեռնած «Խաղաղութեան խորհուրդ»-ին՝ կը գրէ Reuters-ը։
Նշուած է, որ աւելի վաղ ինը պետութիւն խոստացած է միջոցներ տրամադրել նախաձեռնութեան, սակայն մինչ այժմ այդ քայլին դիմած են միայն ԱՄԷ-ն եւ Մարոքոն։ Գործակալութեան տուեալով՝ «Խաղաղութեան խորհուրդ»-ը այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի մօտ 1 միլիառ տոլար, ինչը կը դժուարացնէ սկզբանէ նշուած նպատակին իրագործումը՝ Կազայի հատուածի յետպատերազմեան վերականգնման աջակցութիւնը։
Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ նախատեսուած է հաւաքել 7 միլիառ տոլար։ ԱՄԷ-էն եւ Մարոքոյէն բացի՝ ֆինանսական յատկացումներ խոստացած էին Ղազախստանը, Ատրպէյճանը, Պահրէյնը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան, Ուզպեքիստանը եւ Քուէյթը։ ԱՄՆ-ը պէտք է աւելցնէր եւս 10 միլիառ, իսկ ՄԱԿ-ը՝ 2 միլիառ։