image
Հրատապ լուրեր:

Կենսաբանական անձնագրերը պիտի վերսկսին տալ 2024-ին

Կենսաբանական անձնագրերը պիտի վերսկսին տալ 2024-ին

Հայաստանի մէջ ժամանակաւորապէս՝ մինչեւ 2024 թուականի 1 յունուարը պիտի դադրեցուի ՀՀ քաղաքացիներուն կենսաչափական անձնագրերու տրամադրումը՝ մինչեւ ապագայ սերունդի արհեստագիտութիւններով եւ անվտանգութեան պայմաններով օժտուած կենսաչափական անձնագրերու ստեղծումն ու աստիճանաբար հին անձնագրերու նորերով փոխարինումը:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացու անձնագրի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացում կատարելու մասին եւ կից ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը Ազգային Ժողովէն ներս պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստին ստացած է դրական եզրակացութիւն:

Փոխոստիկանապետ Արա Ֆիդանեան յայտնած է, որ նախագծով կը նախատեսուի ՀՀ կառավարութեան 1998 թուականի դեկտեմբեր 25-ի համապատասխան որոշմամբ նախատեսուած անձնագրերու տրամադրման ժամկէտը երկարաձգել մինչեւ 2023 թուականի դեկտեմբեր 31-ը: Իսկ նոյնականացման քարտերը տրամադրել առանց ելեկտրոնային պահոցի՝ մինչեւ ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ անոնց բնութագիր սահմանելը: Ելեկտրոնային պահոցով նոյնականացման քարտերը կը նախատեսուի տրամադրել մինչեւ 2023 թուականի փետրուար 15-ը, իսկ ելեկտրոնային պահոց չպարունակող նոյնականացման քարտերը՝ 2023 թուականին փետրուարի15-էն: «Բացի այդ ժամանակաւորապէս՝ մինչեւ 2024 թուականի հունվարի 1-ը կդադարեցվի ՀՀ քաղաքացիներին կենսաչափական անձնագրերի տրամադրումը՝ մինչև ապագա սերնդի արհեստագիտութիւններով եւ անվտանգութեան պայմաններով օժտուած կենսաչափական անձնագրերու ստեղծումն ու աստիճանաբար հին անձնագրերու նորերով փոխարինումը»,-ըսած է Ֆիդանեան:

Այսպիսով` նախագծով կը սահմանուի, որ 2023 թուականի հունուար 1-էն մինչեւ 2024 թուականի յունուար 1-ը պիտի դադրեցուի սոյն օրէնքով նախատեսուած անձնագրերու տրամադրումը (փոխանակումը): Իսկ մինչեւ 2023 թուականի յունուար 1-ը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիին տրամադրուած անձնագրերը կը համարուին վաւեր:

Օրէնքը ուժի մէջ պիտի մտնէ 2022 թուականի 30 դեկտեմբերէն: