Կազայի հատուածին մէջ համատարած եւ տեւական զինադադարը հնարաւոր է միայն պաղեստինցիներու կողմէ պատանդներու ազատ արձակման դիմաց։
CNN-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն։
«Միակ հրադադարը, որ մենք կ՚ուզէինք դիտարկել, պէտք է ներառէ մեր պատանդներու ազատ արձակումը», -ըսած է ան:
Միաժամանակ Նաթանիահուն չէ բացառած «մարդասիրական դադարներու» շարունակութիւնը՝ քանի մը ժամով, սահմանափակ տարածքի մէջ, յստակ նպատակներով։