Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորընտիր Պետ՝ Համայն Վրաստանի Կաթողիկոս-Պատրիարք Շիո Երրորդին։ Յայտնած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական շտաբը։
«Ձեր ընտրութիւնը վառ վկայութիւնն է Վրաց Եկեղեցուն ու ժողովրդին բերած Ձեր տարիների նուիրեալ սպասաւորութեան։ Մեր աղօթքն է, որ Ամենակալ Տէրն Իր առատ շնորհներով մշտապէս զօրավիգ լինի Ձեզ հայրապետական բարձր առաքելութեան մյջ՝ խաղաղութեան ու օրհնութեան շաւիղներով առաջնորդելու բարեպաշտ վրաց ժողովրդին»,- նշուած է շնորհաւորական նամակին մէջ։
Ուղերձին մէջ ընդգծուած է նաեւ Հայոց եւ Վրաց Եկեղեցիներու միջեւ դարաւոր եղբայրական կապերու կարեւորութիւնը։ Կաթողիկոսը վստահութիւն յայտնած է, որ երկու Եկեղեցիներու յարաբերութիւնները Շիո Երրորդի առաջնորդութեան օրօք եւս պիտի շարունակեն ամուր հիմք ծառայել ժողովուրդներու եւ պետութիւններու համագործակցութեան համար։
Գարեգին Բ-ն Շիո Երրորդին մաղթած է քաջառողջութիւն եւ երկարամեայ հովուապետական ծառայութիւն՝ ի բարօրութիւն Վրաց Եկեղեցւոյ եւ վրաց ժողովուրդի։