image

Կարօ Փայլան HDP-ի Պատուիրակութեան Հետ Մեկնած է Ճիզրէ. Քաղաքին Պաշարումը Կը Շարունակուի

Կարօ Փայլան  HDP-ի Պատուիրակութեան  Հետ Մեկնած է  Ճիզրէ. Քաղաքին Պաշարումը Կը Շարունակուի

Թուրքիա-   Քրտամէտ   HDP կուսակցութեան հայազգի  երեսոխան Կարօ Փայլան    կուսակցութեան   պատասխանատուներու պատուիրակութեան մը հետ  մեկնած  է   Ճիզրէ (կամ Ճէզիրէ):   Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն           HDPանդամ 2    նախարարներ եւ  խորհրդարանի անդամ     շուրջ    30 երեսփոխաններ: Մինչ ապահովական մարմիններ արգելք հանդիսացած են պատուիրակութեան անդամներուն քաղաք մուտքին, պաշարման տակ   եղող քաղաքը   յայտնուած է մարդկային ծանրագոյն  պայմաններու մէջ:  Տարբեր աղբիւրներ կը յայտնեն, որ    աւանին մէջ  կը գտնուին  PKK-ի անդամ    աւելի քան  300  զինեալներ եւ պաշարման  հետեւանքով  ջուրի եւ սնունդի  լուրջ  տագնապներ կան:Նշենք, որ  վերջին շրջանին      PKK -ի զինեալներուն եւ   թրքական  ապահովական մարմիններուն միջեւ   գրանցուած     բախումները  ծանր դրութիւն  ստեղծած  են երկրին մէջ: Երէկ հաղորդած էինք,  որ    Պոլսոյ հայկական թաղերուն մէջ    թուրք ազգայնականներ      երթ  կազմակերպելով   քիւրտերու եւ հայերուն դէմ վանկարկումներ   կատարած էին: Թուրքիոյ   ընդհանուր իրավիճակը կը մնայ  լարուած: