Յոյս ունեցէք, որ դուք առանձինն չէք այս հարցի մէջ: Որպէս Քրիստոսով եղբայրներ ու քոյրեր, մենք կանգնած ենք ձեզի հետ: Կ՚աղօթենք ձեր անվտանգութեան, ձեր բնակարաններու վերականգման եւ շուտով վերակառուցման համար: Կ՚աղօթենք, որ Բարձրեալն Աստուած առաջնորդէ բոլոր անոնց, որոնք պատրաստակամ են օգնելու ձեզի արտակարգ իրավիճակներու ընթացքին եւ յատկապէս հրշէջներուն եւ քաղաքացիական ծառայողներուն։
Օրերս Լոս Անճըլըսը հարուածած աննախադէպ հրդեհներուն հետեւանքով նահանգին մէջ գրանցուած են նիւթական մեծ վնասներ։ Այդ շարքին մեծագոյն նիւթական վնասներու ենթարկուած են հայ հայրենակիցներ, իսկ անոնց կարեւոր մէկ հատուածը ստիպուած եղած է լքել իր սեփական բնակարանն ու օճախը։
Նոյն առումով հայկական Սահակ- Մեսրոպ վարժարանը դարձած է հրոյ ճարակ։
Այս առթիւ համայնքային շրջանակներուն ուղերձով մը դիմած է եկած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ համայն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, ստորեւ կը ներկայացնենք Սրբազան հօր ուղերձը,.-
«Յարգելի աղէտահար համայնքի անդամներ, իմ սիրտն ու աղօթքներն ուղղուած են ձեզ այս աներեւակայելի կորուստի եւ դժուարութիւններու ժամանակ, որոնք առաջացան քամիներու եւ հրդեհներու պատճառով եւ որոնք պատեցին են մեր ձեր բնակավայրերը։
Յոյս ունեցէք, որ դուք առանձինն չէք այս հարցի մէջ: Որպէս Քրիստոսի եղբայրներ եւ քոյրեր, մենք կանգնած ենք ձեզի հետ: Կ՚աղօթենք ձեր անվտանգութեան, ձեր բնակարաններու վերականգման եւ շուտով վերակառուցման համար: Կ՚աղօթենք, որ Բարձրեալն Աստուած առաջնորդէ բոլոր անոնց, որոնք պատրաստակամ են օգնելու ձեզի արտակարգ իրավիճակներու ընթացքին եւ յատկապէս հրշէջներուն եւ քաղաքացիական ծառայողներուն։
Նոյնիսկ երբ, Ձեր դիմաց ճանապարհը ճնշող կը թուի, համբերութեամբ զինուեցէք եւ ինչպէս կը կարդանք Սուրբ Գիրքին մէջ. «Մի՛ վախցիր, որովհետեւ ես քեզ հետ եմ. մի՛ զարհուրիր, որովհետեւ ես քու Աստուածն եմ։ Ես կը զօրացնեմ քեզ եւ կ՚օգնեմ քեզի: Ես քեզ կ՚աջակցիմ իմ արդար աջով» (Եսայիա 41.10):
Թող մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսը վերականգնէ խաղաղութիւնն ու բնականոնութիւնը մեր տներու մէջ եւ զօրացնէ մեզ այս աղէտը յաղթահարելու համար։
Աղօթքներով՝
Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան
Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ
ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ