image

Ամերիկեան Կարմիր Խաչի գործադիր տնօրէնը եւ իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեան այցելած են ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանին

Ամերիկեան Կարմիր Խաչի գործադիր տնօրէնը եւ իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեան այցելած են ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանին

Ամերիկեան Կարմիր Խաչի գործադիր տնօրէնը եւ Լոս Անճելըսի հայկական համայնքի նուիրեալ հայրենակիցներէն Տիար Ժոզէֆ Կանիմեան այցելած են ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանին։

Այս մասին կ տեղեկանանք Կանիմեանի դիմատետրեան գրառումէն, որ թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ.-

Ամերիկեան Կարմիր Խաչի Լոս Անճելըսի շրջանի գործադիր տնօրէն Ժոաննա Նոուլինը եւ ես (իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեան), որպէս ARC Լոս Անճելըսի տարածաշրջանի խորհուրդի անդամ, այցելեցինք Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին, քննարկելու համայնքի պատրաստութիւնը արտակարգ իրավիճակներու պարագային եւ Կարմիր Խաչի հասանելի միջոցները՝ տուժածներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար:

Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց ARC-ի դերը ամբողջ աշխարհի մէջ կարիքաւորներուն օգնելու գործին: