Թուրքիա- Քրտամէտ HDP կուսակցութեան հայազգի երեսոխան Կարօ Փայլան կուսակցութեան պատասխանատուներու պատուիրակութեան մը հետ մեկնած է Ճիզրէ (կամ Ճէզիրէ): Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն HDPանդամ 2 նախարարներ եւ խորհրդարանի անդամ շուրջ 30 երեսփոխաններ: Մինչ ապահովական մարմիններ արգելք հանդիսացած են պատուիրակութեան անդամներուն քաղաք մուտքին, պաշարման տակ եղող քաղաքը յայտնուած է մարդկային ծանրագոյն պայմաններու մէջ: Տարբեր աղբիւրներ կը յայտնեն, որ աւանին մէջ կը գտնուին PKK-ի անդամ աւելի քան 300 զինեալներ եւ պաշարման հետեւանքով ջուրի եւ սնունդի լուրջ տագնապներ կան:Նշենք, որ վերջին շրջանին PKK -ի զինեալներուն եւ թրքական ապահովական մարմիններուն միջեւ գրանցուած բախումները ծանր դրութիւն ստեղծած են երկրին մէջ: Երէկ հաղորդած էինք, որ Պոլսոյ հայկական թաղերուն մէջ թուրք ազգայնականներ երթ կազմակերպելով քիւրտերու եւ հայերուն դէմ վանկարկումներ կատարած էին: Թուրքիոյ ընդհանուր իրավիճակը կը մնայ լարուած: