Պէշիկթաշի քաղաքապետ Ռըզա Աքփօլաթ ձերբակալուած եւ կալանքի տակ առնուած է զանազան մեղադրանքներով`յանցաւոր կազմակերպութեան անդամակցil, դիմումները կեղծել, կաշառակերութիւն։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Պէշիկթաշի քաղաքապետ Ռըզա Աքփօլաթ երէկ, 13 Յունուարի այգաբացին Ապահովութեան կազմակերպեալ յանցագործութեան դէմ վարչութեան աշխատակիցներուն կողմէ ձերբակալուեցաւ եւ կալանքի տակ առնուեցաւ զանազան մեղադրանքներով։
Ոստիկանութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Պէշիկթաշի ու Էսէնեուրթի քաղաքապետերը,- ի մէջ այլոց Էսէնեուրթի քաղաքապետ Ահմէտ Էօզէր արդէն երեք ամիսէ ի վեր կալանքի տակ կը գտնուի,- յանցաւոր ցանց մը կազմած են եւ ներգրաւուած՝ զեղծարարութիւններուն մէջ, իրականացուցած են կեղծ մրցումներ։ Ենթադրաբար, կազմակերպեալ յանցագործութեան այս խումբը կը ղեկավարուի Ազիզ Իհսան Աքթաշի կողմէ, մրցումները «շահուած են» կաշառելով 47 անձեր, այդ կարգին՝ քաղաքապետեր։
Իսթանպուլի գլխաւոր դատախազութիւնը Աքփօլաթն ու միւս մեղադրեալները կ'ամբաստանէ «յանցաւոր կազմակերպութեան անդամակցելու, դիմումները կեղծելու եւ կաշառակերութեան» յանցանքներով։
Հետաքննութիւնը երեք ամիս առաջ սկսած էր, 47 հոգի ձերբակալուած է։