image

Վրաստանի մէջ ներքաղաքական իրավիճակը կը շարունակուի լարուած մնալ

Վրաստանի մէջ ներքաղաքական իրավիճակը կը շարունակուի լարուած մնալ

Հարեւան Վրաստանի մէջ ներքաղաքական իրավիճակը կը շարունակուի լարուած մնալ․ միեւնոյն ժամանակ երկու գործիչ ինքզինք նախագահ կը յայտարարէ։

Իշխող «Վրացական երազանք»-ի ընտրած նախագահ Միխէիլ Քավելաշվիլի երկրին համար արդէն օրէնքներ կը ստորագրէ ու որոշումներ կը կայացնէ։ Իսկ Օրպելիանի նախագահական նստավայրէն հեռացած Սալոմէ Զուրապիշվիլին նոր գրասենեակ բացած է, այն համարելով նախագահական: Ան, դեռ միակն է Վրաստանէն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի երդմնակալութեան մասնակցելու հրաւէր ունի։