Այսօր ժամը 08:10-ի սահմաններուն ՀՀ ՆԳՆ ոստիկանութեան համայնքային ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան Նոր Նորքի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ Երեւանի Նելսոն Ստեփանեան փողոցի շէնքերէն մէկու բակին մէջ կնոջ դի կայ:
Այս մասին յայտնած է shamshyan.com-ը։
Ոստիկաններն ու պարեկները նշուած շէնքի բակին մէջ յայտնաբերած են նոյն շէնքի բնակիչ 53-ամեայ Լուսինէ Ա.-ի դին:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ վերջինը իրեն 7-րդ յարկէն վար նետած է:
Դէպքի փաստով քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ: