image

Հալէպահայ Ինճէճիկեան քոյրերու նուէրը՝ Անթիլիասի թանգարանին

     Հալէպահայ  Ինճէճիկեան քոյրերու նուէրը՝  Անթիլիասի թանգարանին

Բերիոյ Թեմի Բարեջան առաջնորդ Գերմ. Տ. Մակար արք. Աշքարեան, որ օրերս  Անթիլիաս  այցելած է  Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսարանի թանգարանին նուիրած է մետաքսեայ  գորգ մը։ 

 Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ «Կիլիկիա»  հարթակէն,  որ  մասնաւորապէս  տեղեկագրած է՝

Չորեքշաբթի, 8 Յունուար 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելելով, Նորին Սրբութեան յանձնեց գորգագործութեամբ զբաղող՝ հալէպահայ Նանօր եւ Համբարձում Ինճէճիկեաններուն կողմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թանգարանին նուիրուած մետաքսեայ բարձրորակ գորգ մը, 268x192սմ. մեծութեամբ։

Արուեստի եզակի գործ հանդիսացող մետաքսեայ նրբագեղ գորգը՝ գորգագործ հայ վարպետներու ձեռքով պատրաստուած է եւ շուրջ 250 տարիներու պատմական արժէք կը ներկայացնէ։ 

Սրբազան Հայրը, յանձնեց նաեւ գորգին նկարագրականը եւ մասնագիտական բացատրութիւնները պարունակող թուղթը։ 

Վեհափառ Հայրապետը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց Ինճէճիկեաններուն մասնագիտական աշխատանքը եւ բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց անոնց։