image

«Կարօ Կարապետեան»ի անունով ատրպէյճանագիտութեան կեդրոն Ստեփանակերտի մէջ

«Կարօ Կարապետեան»ի անունով ատրպէյճանագիտութեան կեդրոն Ստեփանակերտի մէջ

Համահայկական մտաւոր ներուժի համախմբումին ուղղուած Genesis Armenia-ի նախաձեռնութեամբ հիմնուած ազրպէյճանագիտութեան կեդրոնի ուսանողները արդէն իսկ յանձնեցին երրորդ քննութիւնը: Արդիւնքները կը վկայեն, որ դասաւանդման աւարտին մասնագիտական ասպարէզ մուտք պիտի գործեն բազմակողմանիօրէն պատրաստուած գործիչներ: Այս մասին կը յայտնեն կեդրոնին մասնագէտները:

Արդէն 3 ամիս է, որ Արցախէն եւ Հայաստանէն ընտրուած աւելի քան տասնեակ մը սաներ կ՛ուսումնասիրեն ազրպէյճաներէնը եւ Ազրպէյճանը` պատմական ակունքներէն, կենցաղավարութենէն սկսեալ մինչեւ ներպալատական կառոյցը եւ պաշտպանական համակարգերը:

Լիբանանահայ Կարօ Կարապետեանի անունը կրող կեդրոնը, որ  համալրուած է հեռավար դասերու համար անհրաժեշտ արհեստագիտութեամբ եւ գոյքով, տեղակայուած է  Ստեփանակերտի մէջ:

«Genesis Armenia-ի քաղաքականութեան հիմքը հայկական զոյգ պետութիւններու ռազմաքաղաքական եւ անվտանգային մարտահրաւէրները յաղթահարելու նպատակներն են: Իսկ այդ նպատակներուն հասնելու համար, առաջին հերթին, պէտք է լաւ ճանչնալ թշնամին: Մենք սկսած ենք ու պիտի շարունակենք այդ գործը», կը յայտնեն կեդրոնին մասնագէտները:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն: