image
Հրատապ լուրեր:

Կարմիր «պերէթաւոր»ներ նահատակի հարազատին բերման ենթարկեցին

Կարմիր «պերէթաւոր»ներ նահատակի հարազատին բերման ենթարկեցին

Կարմիր «պերէթաւորներ» կառավարութեան շէնքի մօտէն բերման ենթարկած են զոհուած զինծառայողի հարազատը, որ առանձին արշաւ կ'իրականացնէր:

Անոր ձեռքին կար պաստառ, որուն վրայ գրուած էր. «Պահանջում ենք չեղարկել համերգը. Յարգէք սուգը»:

Նշենք, որ նախօրէին 44-օրեայ պատերազմի զոհերու 340-է աւելի հարազատներ յայտարարութիւն տարածած էին, ուր կոչ ըրած էին հրաժարելու 21 Սեպտեմբերին գունագեղ միջոցառում կազմակերպելու մտադրութենէն։ Անոնք այդ համարած էին սրբապղծութիւն: