Արցախի «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»էն 18 բուժառու՝ ուղեկցողներու հետ միասին, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած են ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը։
11 բուժառուներ, որոնք պետական պատուէրի շրջածիրէն ներս ուղեգրուած են Հայաստան բուժում ստանալու համար, ուղեկցողներու հետ վերադարձած են Արցախ։
Նշուած է, որ այս պահուն «Արեւիկ» բուժմիաւորումին մէջ 13 երեխայ կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ:
«Հանրապետական բժշկական կեդրոն»ին մէջ 10 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, որոնցմէ 7-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ։