image

Հայաստանը վիզաներու ազատականացման ծրագիրի իրագործման վերջնաժամկէտ նախանշած է 2029-ը․ նախարար

Հայաստանը վիզաներու ազատականացման ծրագիրի իրագործման վերջնաժամկէտ նախանշած է 2029-ը․ նախարար

Հայաստանը Եւրոպական Միութեան հետ մուտքի արտօնագիրի (վիզաներու) ազատականացման գործողութիւններու ծրաիգրի իրագործումը աւարտելու վերջնաժամկէտ սահմանած է 2029 թուականը։ Սեպտեմբեր 28-ին Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով աշխատանքային խումբի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին այս մասին յայտարարած է Ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան։

Նախարարին գնահատմամբ՝ Գործողութիւններու ծրագիրի պատշաճ իրագործումը շօշափելի արդիւնքներ պիտի ապահովէ ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման եւ առանց մուտքի արտօնագիրի երթեւեկութեան դրութեան ապահովման ուղղութեամբ։

Անդրադառնալով Մուտքի արտօնագիրի ազատականացման գործողութիւններու ծրագիրի առաջնահերթութիւններուն՝ նախարար Սարգսեան առանցքային համարած է նաեւ գաղթի կառավարումը։ Անոր խօսքով՝ այդ ոլորտին մէջ կարեւորագոյն քայլերէն մէկը պետութիւն-մասնաւոր գործընկերութեան ձեւաչափով նոր կենսաչափական համակարգի ներդրումն է, որուն մեկնարկը պիտի տրուի Նոյեմբեր 1-ին։

 

Խօսելով սահմաններու համալիր կառավարման մասին՝ նախարարը ընդգծած է, որ Հայաստանը յանձնառու է ներդնելու համարկուած համակարգ՝ նպատակ ունենալով անցում կատարել անվտանգութեան ապահովման նոր մոտելի։ Մշակման մէջ է նաեւ սահմաններու համալիր կառավարման ռազմավարութիւնը, որ նախատեսուած է Կառավարութեան հաստատման ներկայացնել մինչեւ տարեվերջ։