Ո՞վ կը մտածէր, որ Փաշինեան եւ անոր շուրջ հաւաքուած արկածախնդիրները իշխանութեան կը հասնէին, անոնք կուգային «ջուրի ճամբաներ»ով, ու անոնց ձեռքին ալ կար մի քանի կուժ։
Կը քալէին սուտ մարգարէներու երգերով եւ կեղծ խոստումներու ուսապարկերով, իսկ այսօր իրաւ ժամանակն է, որ անոնց կուժերը կտրուին ու անոնք ալ իրենց ունեցած բոլոր ջուրերը ցամքեցնեն ու հեռանան...։
Յառաջիկայ շաբաթ Հայաստանի մէջ նոր օրակարգ պիտի ձեւաւորուի։ Ընդդիմութեան տարբեր շրջանակներ փողոց իջնելով դարձեալ պիտի պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։
Հիմա շատեր հարց պիտի տան, արդեօք տեղին է «փորձուածը նորէն փորձել» եւ կրկնել տարի մը, գրեթէ երկու տարի առաջ եղած բողոքի գործողութիւնները, որոնց հիմքը անշուշտ Արցախեան պատերազմի ահռելի պարտութիւնն էր։
Ճիշդ է, որ օրին ներ-քաղաքական լարուած օրակարգի հանգուցալուծումը կարելի եղաւ «իրականացնել» վաղահաս ընտրութիւններով, որուն արդիւնքով ալ Փաշինեան դժբախտաբար դարձեալ յայտնուեցաւ իր վաղուց արդէն սպառած դերին մէջ։
Դժբախտաբար կ՚ըսենք, որովհետեւ արդի Հայաստանի ողջ պատմութեան ընթացքին չէ եղած ղեկավար մը, որ նշեալ անունին նման կործանումէ-կործանում տանի մեր հայրենիք Հայաստանը եւ դեռ ալ շարունակէ մնալ աթոռի վրայ։
Այս միտքը միշտ պէտք է յիշենք, պարզապէս բոլորին յիշեցնելով, որ Փաշինեանի սխալները, ոչ միայն անբացատրելի են, այլ նաեւ անոր համար, որ նոյեմբերէն ետք սպասուող եւ դարձեալ անոր վերագրուող կործանիչ դերերը տակաւին կը շարունակուին։
Վեր-երկրային պղատոնական միտումներ, ձեռքեր լուալու փարիսեցիական դիտարկումներ, սուտ խոստումներու յորձանուտ ու տակաւին այլ հանգամանքներ, որոնք այսօր արդէն սկսած են «ծիլ տալ» եւ Հայաստանի հասարակութեան մէջ աճեցնել նշեալ անունին դէմ համընդհանուր պայքար մը տանելու կարեւորութիւնը։
Ու այսօրուան վիճակը անշուշտ, Արցախի հանդէպ առկայ մտավախութիւնները, նշաձող իջեցնել-հանելու, Արցախը Մայր Հայաստանէն հեռացնելու «միտումներ»ը ու մանաւանդ պատերազմի սպառնալիքը դամոկլեան սուրի վերածելու ստահակութիւնը ստեղծուած իրավիճակը դարձուցած է ահազանգային, որուն դիմաց անշուշտ կը մնայ մէկ կռուան եւ մէկ օղակ, որն է համընդհանուր պայքար տանիլ եւ ի վերջոյ հասնիլ այս իշխանութիւններու հեռացման։
Շատեր հարց կրնան տալ, արդեօ՞ք աճած է միջազգային ինչ որ կեդրոններու Երեւանի մէջ, ինչ որ իրավիճակ փոխելու փուլը ու այդ հարցումը ընողներուն պէտք է պատասխանել շատ պարզ ու մէկին, որ ցանկացած միջազգային կողմ, դէտ կամ խաղացող ինքն էր, որ պարտաւորուած պիտի ըլլայ հաշուի նստիլ նոր զարգացումներուն հետ ու այդ պատճառով է նաեւ, որ մեծ կարեւորութիւն պիտի ունենան գալիք օրերն ու գործողութիւնները։
Աւարտելու համար պէտք է անշուշտ վերադառնալ այս գրութեան խորագրին, որ բազմանշանակ իմաստներ կը կրէ իր մէջ ու տեղ մը մեզ կը տանի բիւրեղացման փուլին։
Ո՞վ կը մտածէր, որ Փաշինեան եւ անոր շուրջ հաւաքուած արկածախնդիրները իշխանութեան կը հասնէին, անոնք կուգային «ջուրի ճամբաներ»ով, ու անոնց ձեռքին ալ կար մի քանի կուժ։
Կը քալէին սուտ մարգարէներու երգերով եւ կեղծ խոստումներու ուսապարկերով, իսկ այսօր իրաւ ժամանակն է, որ անոնց կուժերը կտրուին ու անոնք ալ իրենց ունեցած բոլոր ջուրերը ցամքեցնեն ու հեռանան...։
Անոր համար է, որ այդ առածին բառերը փոխ առնելով գրեցինք ՝ «Ջուրի կուժը, ջուրի ճամբուն ալ պիտի կոտրուի ...»։
Հերիք չէ՞ր մեզի, այս անիծեալ «կուժը» եւ հերիք չէ՞ր այսքան արիւնը։
Հարցումը դրինք կարմիր բառերով, իսկ պատասխանը քեզի է սիրելի ընթերցող։
«Ա»