image

Հայ Կաթողիկէ վսեմական Կարտինալը երանացման ճամբուն

 Հայ Կաթողիկէ վսեմական Կարտինալը երանացման ճամբուն

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նուիրական դէմքերէն երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի երանացման գործընթացին վերաբերեալ վկայութիւններու հաւաքագրման աշխատանքները կը շարունակուին։

 

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Վատիկանի միսիոներական «Fides» գործակալութիւնէն։

 Յիշեցնենք, որ Կարտինալ Աղաճանեան 1960-1970 թուականներուն տեսուչն էր Վատիկանի բարձրագոյն «Propaganda Fide» (Հաւատոյ տարածման) մարմնին, եւ ան եղած էր Վատիկանի տիեզերական Բ. ժողովին գործունեայ դերակատարներէն մին։ 

 

4 Փետրուար 2020-ին, Հռոմի տեղապահը, ուր վախճանած եւ հողին յանձնուած Կարտինալ Աղաճանեան, խնդրած է, որ կարտինալի բոլոր գրութիւնները հաւաքուին եւ ուղարկուին իրեն՝ զանոնք ուսումնասիրելու համար, եւ ապա առաջարկ ներկայացնելու սկսելու Սրբադասման պաշտօնական գործընթացը: 

 

Ղազարոս Աղաճանեան ծնած է Ախալցխա Վրաստան) Սեպտեմբեր 1895-ին: Ան տասնամեակներու ընթացքին մեծ դեր ունեցած է , ոչ միայն Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ շրջանակներուն այլ համայն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ։ 

 

Վատիկանի Երկրորդ  ժողովի գործիչը

 

 Կարտինալ Աղաճանեան 23 Դեկտեմբեր 1917-ին ձեռնադրուած է Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանայ: 1921-ին միացած է Հռոմի Պապական հայկական վարժարանի ուսուցչական կազմին, եւ 1932-1937 թուականներուն դարձած է վարժարանի տնօրէնը: 1935-ին նշանակուած է Քոմանայի եպիսկոպոս։ 30 Նոյեմբեր, 1937-ին, ընտրուած է Կիլիկիոյ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարք, ստանալով Գրիգոր Պետրոս ԺԵ (Կրիկուար Փիեռ) անուանումիը: 

 

18 Փետրուար 1946-ին Պիոս ԺԲ. Պապը զինք նշանակած է տիտղոսաւոր կարտինալ: 1958-ին Յովհաննէս XXIII-ի ընտրութեան ժամանակ ան համարուած է «papabile» այսինքն արժանի պապ ընտրուելու: 1960-1970 թուականներուն Կարտինալը վարած է տեսուչի պաշտօնը «De Propaganda Fide» միաբանութեան, որ 1967-ին անուանուեցաւ Ժողովուրդներու Աւետարանացման միաբանութիւն: Ան Վատիկանի տիեզերական Բ. ժողովին նշանակալի դեր ունեցած է եւ համակարգող յաձնախումբին անդամ եղած:

 

Կարտինալ Աղաճանեան, 1962-ին հրաժարած է Պատրիարքի իր պաշտօնէն եւ մնացած Հռոմ: 16 Մայիս 1971-ին վախճանած է Հռոմի մէջ, ուր թաղուած է Թոլենթինոյի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ։