Ուժգին՝ 6,2 աստիճան երկրաշարժ տեղի ունեցած Թուրքիոյ ամենամեծ քաղաքի՝ Իսթանպութի մէջ, որու կեդրոնական գօտին եղած է Սիլիվրի թաղամասի՝ Մարմարա ծովուն մէջ։
Թրքական «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդմամբ՝ ցնցումները զգացուած են նաեւ յարակից նահանգներուն մէջ։ Այս պահի դրութեամբ տուժածներու ու փլուզումներու մասին յստակ տեղեկատւութիւն չկայ։
Թուրքիոյ «Աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու վարչութիւնը» աւելի վաղ յայտնած են նաեւ երկրորդ երկրաշարժի մասին, որ եւս տեղի ունցած է Իսթանպուլի մէջ՝ 4,0 ուժգնութեամբ, 7 քմ խորութեան վրայ եւ զգացուած է Մարմարա ծովուն մէջ: