image

Իսրայէլն ու «Համաս»-ը Կազայի հատուածին մէջ կրակի դադրեցման մասին համաձայնագիր ստորագրած են

Իսրայէլն ու «Համաս»-ը Կազայի հատուածին մէջ կրակի դադրեցման մասին համաձայնագիր ստորագրած են

Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ ստորագրուած է Կազայի հատուածին մէջ կրակի դադրեցման եւ «Համաս»-ի ահաբեկիչներու կողմէ պատանդառուած իսրայէլցիներու ազատ արձակման մասին համաձայնագիրը․ վերջիններս պիտի փոխանակուին իսրայէլեան բանտերուն մէջ գտնուող պաղեստինցիներու հետ։

Այդուհանդերձ, դեռ վաղ է խօսիլ 2023 թուականի հոկտեմբեր 7-ին սկսած պատերազմի աւարտած ըլլալու մասին․ Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի միջեւ գործարքը կը ներառէ երեք փուլ, որոնցմէ դեռ համաձայնեցուած է միայն առաջինը։

Իսրայէլը բանտերէն ազատ պիտի արձակէ քանի մը հարիւր պաղեստինցիներ, հիմնական՝ կիներ եւ անչափահասներ։ Տուպայի «Ալ-Արապիա» հեռուստաալիքի տուեալներով՝ քաղաքացիական անձերէն իւրաքանչիւր պատանդառուի դիմաց ազատ պիտի արձակուի 30, իսկ զինուորականներէն իւրաքանչիւրի դիմաց՝ 50 ձերբակալուած պաղեստինցի։ Ազատ արձակուող պաղեստինցիներու շարքերուն մէջ պիտի ըլլան ահաբեկչութեան համար դատապարտուածներ։ Առաջին փոխանակումը կը նախատեսուի յունուար 19-ին։

Գործարքի առաջին փուլի ընթացքին իսրայէլցի զինուորականներն աստիճանաբար պիտի լքեն Կազայի հատուածի խիտ բնակեցուած շրջանները, այդ շարքին՝ այսպէս կոչուած Նեցարիմ միջանցքը, որ Կազայի հատուածը կը բաժանէ հիւսիսային եւ հարաւային մասերու։

Գործարքի երկրորդ փուլը նոյնպէս պիտի տեւէ վեց շաբաթ։ Այս փուլի պայմանները դեռ համաձայնեցուած չեն, բանակցութիւնները պիտի շարունակուին առաջին փուլի ընթացքին։ Կողմերը պարտաւորուածութիւն չեն ստանձնած հրադադարը պահպանելու առաջին փուլի աւարտէն ետք։ Կ՚ենթադրուի, որ երկրորդ փուլին «Համաս»-ն ազատ պիտի արձակէ բոլոր մնացած պատանդները, այդ շարքին՝ զինուորականներ։ Իսրայէլը ատոր դիմաց ազատ պիտի արձակէ եւս քանի մը հարիւր պաղեստինցի: Երկրորդ փուլը պէտք է աւարտի Կազայի հատուածէն իսրայէլցի զինուորականներու ամբողջական դուրսբերմամբ։

Երրորդ փուլին՝ համաձայնագրի՝ ուժի մէջ մտնելէն մօտ երեք ամիս անց, պէտք է սկսի Կազայի հատուածի վերականգնումը։ Կ՚ակնկալուի, որ 3-5 տարուան ընթացքին այդ գործընթացը պիտի համակարգեն Եգիպտոսը, Քաթարը, ՄԱԿ-ը եւ այլ պետութիւններ ու միջազգային կազմակերպութիւններ։

Ըստ փորձագէտներու՝ այս համաձայնագրով Իսրայէլն ընդունած է, որ «Համաս»-ը տեսանելի ապագային պիտի մնայ Կազայի հատուածի փաստացի իշխանութիւնը եւ անոր հետ պէտք է պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերել պատանդներու ճակատագրի, տարածքային վերահսկողութեան եւ մարդասիրական աջակցութեան մասին։