Իրաքը ՄԱԿ–ի ընդհանուր քարտուղարին եւ Անվտանգութեան խորհուրդին բողոքագիր յղած է իսրայէլեան օդանաւերու թռիչքի հետ կապուած, որոնք թռած են Իրանի վրայ յարձակելու։ Այս մասին, INA-ի հաղորդմամբ, ըսուած է Իրաքի կառավարութեան ներկայացուցիչի հաղորդագրութեան մէջ։
Աւելի վաղ Իրանի Զինուած ուժերու Գերագոյն շտաբը յայտարարած էր, որ Իսրայէլը Իրանի տարածքը հարուածելու համար օգտագործած է Իրաքի տարածքը։
«Իրաքը ՄԱԿ–ի ընդհանուր քարտուղարին եւ Անվտանգութեան խորհուրդին պաշտօնապէս բողոքագիր յղած է` դատապարտելով սիոնիստներու կողմէ Իրաքի օդային տարածքի եւ ինքնիշխանութեան դէմ կատարուած կոպտագոյն խախտումը, ինչպէս նաեւ հոկտեմբեր 26-ին Իրանի վրայ յարձակելու համար Իրաքի օդային տարածքի օգտագործումը», – նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Կառավարութենէն յայտարարած են, որ Իրաքը թոյլ չի տար օգտագործել իր օդային եւ ցամաքային տարածքը այլ երկիրներու վրայ յարձակելու համար, յատկապէս եթէ ատոնք հարեւան երկիրներն են, որոնց հետ Պաղտատը բարեկամական յարաբերութիւններ ունի։
Վարչապետ Մուհամմետ Շիաա ալ–Սուտանին Արտաքին գործոց նախարարութեան յանձնարարած է կապ հաստատել Միացեալ Նահանգներու հետ՝ այդ խախտման հետ կապուած։