Երուսաղէմէն 24 քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք, հնագէտները յայտնաբերած են բիւզանդական դարաշրջանի քրիստոնէական տաճար ՝ նուիրուած անյայտ նահատակի, յայտնած է Live Science-ը:
Պեղուած տաճարը մօտաւորապէս 1500 տարեկան է: Այնտեղ պահպանուած են հնագոյն խճանկարներ:
Բացի այդ, այնտեղ յայտնաբերուած են յունարէն արձանագրութիւններ, որոնք կը վկայեն, որ եկեղեցին կառուցուած է «փառաւոր նահատակի» յիշատակին, սակայն պարզ չէ, թէ որու մասին է խօսքը:
Երբ եկեղեցին կառուցուած է, Իսրայէլը Բիւզանդական կայսրութեան ենթակայութեան տակ եղած է: Եկեղեցւոյ արձանագրութիւնը կը յուշէ, որ ան ընդլայնուած է Ֆլաւիոս Թիպերիոս կայսեր օրօք, որ կը ղեկավարէր 578 -էն 582-ը: Իսրայէլը եւ հարեւան տարածքները գրաւուած են Իսլամական խալիֆայութեան կողմէ 634-638 թուականներուն:
Սակայն, չնայած այս տարածքին մէջ իսլամութեան տարածման, եկեղեցին բարգաւաճած է, եւ ան չէ լքուած մինչեւ 10 -րդ դար, նշած են հնագէտները:
Տաճարի ներսը կան պատկերապղծման հետքեր: Օրինակ, խճանկարներուն մէջ պատկերուած եղած են կենդանիներ, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով ջնջուած են։
Նշենք, որ առաջին պեղումները այս եկեղեցւոյ վայրին մէջ սկսած են 2017-ին, նախքան տարածքի շինարարութեան սկսիլը:
