image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլի դաշնակից կարծուած եւ հրեաներու բարեկամ Ատրպէյճան ՄԱԿի մէջ կը դաւաճանէ Իսրայէլի

Իսրայէլի դաշնակից կարծուած եւ հրեաներու բարեկամ Ատրպէյճան ՄԱԿի մէջ կը  դաւաճանէ Իսրայէլի

Երեք տասնամեակներու ընթացքին Իսրայէլի կառավարութիւնը եւ ամերիկացի հրեայ    ղեկավարները  աւելորդ եւ անարժան գովեստներ շռայլած են Ատրպէյճանի հասցէին՝  հրէական համայնքի նկատմամբ ենթադրեալ հանդուրժողականութեան եւ Իսրայէլի հետ բարեկամութեան համար: Իսրայէլցի  ղեկավարները եւ ամերիկացի նշանաւոր հրեաները քանի մը անգամ այցելած են Պաքու՝ փառաբանելով Ատրպէյճանի կառավարութիւնը եւ պարծենալով իրենց միջեւ եղած յատուկ մտերմութեամբ:

Ասիկա վերին աստիճանի կեղծաւորութիւն է։ Ճշմարտութիւնը այն է, որ Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները ոչ մէկ կապ ունին Պաքուի մէջ հրեաներու նկատմամբ վերաբերումին  հետ: Երկու երկիրները հիմնականօրէն զբաղած են փոխադարձ շահագործմամբ՝ անտեսելով մարդասիրական եւ բարոյական բոլոր նկատառումները: Ատրպէյճան Իսրայէլէն գնած է միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ ժամանակակից մահացու զէնք՝ ի դիմաց ատրպէյճանական քարիւղը Իսրայէլին ծախելու. վերջինս իր քարիւղին 40 տոկոսը կը ներկրէ Ատրպէյճանէն: Ամօթալի է, որ Ողջակիզման զոհերու յաջորդները կը զինեն Ատրպէյճանը՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուածներու ժառանգորդները որոշ գումարի դիմաց սպաննելու համար․․․

Իսրայէլ Ատրպէյճանի հետ լաւ յարաբերութիւններ պահպանելու յաւելեալ երկու պատճառ ունի: Առաջին, Իսրայէլի շահն է՝ հետախուզական տուալներ հաւաքել Իրանի մասին եւ մուտքի կարելիութիւն ունենալ Ատրպէյճանի օդակայաններ՝ Իրանի միջուկային պաշարներուն վրայ իսրայէլական յարձակման պարագային: Հաւանաբար ասիկա նկատի ունէր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, երբ Իսրայէլի հետ իր երկրին յարաբերութիւնները կը համեմատէր սառցալերան  մը հետ. «Անոր ինը տասներորդական մասը ջուրի տակ է», ըսելով: Իսրայէլի համար երկրորդ պատճառը՝ իսլամական երկրի մը հետ լաւ յարաբերութիւններու հաստատումն է, հաշուի առնելով արաբա-իսրայէլեան հակամարտութիւնը եւ մահմետական աշխարհէն իր մեկուսացումը: Այսուամենայնիւ, Իսրայէլի եւ արաբական շարք մը երկիրներու միջեւ ստեղծուած վերջին մերձեցման լոյսին տակ, Իսրայէլի համար Ատրպէյճանի արժէքը այս առումով կը նուազի:

Միւս կողմէ, Ատրպէյճան կ՛ակնկալէ առաւելագոյնի հասցնել իր քաղաքական շահերը Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ օգտուելով Ուշաինկթընի մէջ Իսրայէլի եւ ամերիկացի հրեաներու ազդեցութենէն, հակազդելու համար Ամերիկայի հայկական լոպիին:

Հակառակ այս բոլորին, Ատրպէյճան եւ Իսրայէլ իրենց յարաբերութիւնները  խանգարող քանի  մը հարցեր կը թաքցնեն։ Առաջին հերթին յիշեցնենք, որ Իսրայէլ 1993ին բացած է իր դեսպանատունը Պաքուի մէջ, մինչդեռ Ատրպէյճան հրաժարած է իր դեսպանատունը կամ նոյնիսկ  հիւպատոսութիւնը Իսրայէլի մէջ բանալէ՝ մտահոգուելով արաբական եւ մահմետական ժողովուրդներու, յատկապէս Իրանի հետ  իր յարաբերութիւններուն գծով: Միայն այս փաստը բաւարար է, որ հերքուին երկու երկիրներու միջեւ բարեկամական կարծեցեալ յարաբերութիւնները:

Այս ծիրէն ներս, մէկ այլ հակասութիւն կը համարուին՝ Ատրպէյճանի հակաիսրայէլեան քուէներն ու ելոյթները ՄԱԿի եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ: Ատրպէյճանի՝ Իսրայէլի դէմ քննադատական վերջին գործողութիւնը տեղի ունեցաւ 18 Մարտ 2021ին, Զիուցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ կայացած ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի նիստին: Անմիջապէս ետք, Ատրպէյճանի յաճախակի  ջատագով  Սայմըն Վիզընթալի կեդրոնը  դատապարտեց ՄԱԿի մէջ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչին ելոյթը՝ խստօրէն մեղադրելով Ատրպէյճանը՝ «հրէական պետութեան դէմ փաստացի «արիւնալի զրպարտութիւն» ընելու մէջ»։

Խօսելով Խորհուրդի օրակարգի 7րդ կէտին`«Պաղեստինի եւ արաբական այլ գրաւեալ տարածքներու մէջ մարդկային իրաւունքներու իրավիճակի» մասին, 18 Մարտին ՄԱԿի մէջ Ատրպէյճանի մնայուն առաքելութեան երրորդ քարտուղար Քամրան Սէյֆուլաեւ երեք վայրկեան ելոյթ ունեցաւ՝ խստիւ քննադատելով պաղեստինցիներու հանդէպ Իսրայէլի պետութեան վերաբերումը: Ահա՛ թէ ինչ ըսաւ ան.

«Պատիւը ունիմ փոխանցելու այս յայտարարութիւնը Չէզոք  երկիրներու շարժման անունով (Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախագահն է այս Շարժումին, որ բաղկացած է 120 երկիրներէ)։

Երկար տարիներ Չէզոք  երկիրներու շարժումը պահպանած է համերաշխութեան հաստատ դիրքորոշում պաղեստինցի ժողովուրդին եւ անոր արդար դատին հետ եւ դատապարտած՝ Իսրայէլի կողմէ մարդկային իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի զանգուածային, բացայայտ եւ համակարգուած խախտումները:

Շարժումը նաեւ կ՛ընդգծէ պաղեստինցի ժողովուրդին օգնելու նպատակով քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու շարունակականութեան անհրաժեշտութիւնը, ամրապնդելու համար ժողովուրդին կայունութիւնն ու ջանքերը` ուղղուած իր իսկ ազգային օրինական իղձերու իրականացման, ներառեալ՝ ինքնորոշման եւ ազատութեան իր անքակտելի իրաւունքը՝ անկախ Պաղեստինի պետութեան մէջ:

Մենք կ՛ընդունինք եւ բարձր կը գնահատենք ՄԱԿի եւ իր գործակալութիւններուն, մասնաւորապէս` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պաղեստինցի փախստականներու ՄԱԿի օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութեան, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի ժողովուրդին անքակտելի իրաւունքներու իրականացման կոմիտէին ջանքերը: Շարժումը կը խրախուսէ անոնց աջակցութեան յարատեւումը: Շարժումը գնահատանքով կը նշէ Գլխաւոր քարտուղարի զեկոյցը Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի 43րդ նստաշրջանին ներկայացուած՝ սուրիական գրաւեալ Կոլանի մէջ իսրայէլեան բնակավայրերու մասին:

Շարժումը լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնէ իսրայէլեան բնակավայրերու քաղաքականութեան եւ անոր հետ կապուած գործողութիւններու շարունակման մասին, ներառեալ բնակավայրերու ընդլայնումը, հողերու սեփականազրկումը, տուներու քանդումը եւ գոյքի բռնագրաւումն ու ոչնչացումը, բաներ, որունք փոխած են գրաւեալ տարածքներու եւ սուրիական գրաւեալ Կոլանի ֆիզիքական բնութագիրն ու ժողովրդագրական կազմը:

Գլխաւոր խորհուրդը, Անվտանգութեան խորհուրդը եւ Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդը հաստատած են, որ իսրայէլեան բնակավայրերու կառուցումն ու ընդլայնումը եւ յարակից այլ գործողութիւններ Պաղեստինի գրաւեալ հողերուն վրայ եւ սուրիական գրաւեալ Կոլանի մէջ անօրինական են՝ միջազգային իրաւունքին համաձայն: Շարժումը խորապէս մտահոգուած է ՄԱԿի պաշտօնական բազմաթիւ զեկոյցներով, մասնաւորապէս՝ Գլխաւոր քարտուղարի վերջին զեկոյցով, որ վերահաստատած է՝ իսրայէլեան ուժի կողմէ Պաղեստինի ժողովուրդին մարդկային իրաւունքներու շարունակական ոտնահարումները, գրաւեալ Պաղեստինի պետութեան ամբողջ տարածքին:

Այս առումով, Շարժումը միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ընէ ճնշում գործադրելու՝  անմիջապէս դադրեցնելու համար Իսրայէլի կողմէ ի գործ դրուող այս անօրինական միտումները, որոնք միջազգային իրաւունքի բացայայտ խախտում են:

Աւելին, Շարժումը հաստատապէս համոզուած է, որ Իսրայէլ՝ իբրեւ բռնագրաւող տէրութիւն, պէտք է պատասխանատուութիւն կրէ, ինչպէս որ մարդկային իրաւունքներու միջազգային օրէնսդրութեան, այդպէս ալ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի համակարգուած խախտումներուն համար, արաբական բոլոր գրաւեալ տարածքներու մէջ, ներառեալ՝ սուրիական Կոլանի:

Շարժումը կ՛ընդգծէ, որ Իսրայէլ՝ իբրեւ բռնագրաւող տէրութիւն, պէտք է անյապաղ ազատ արձակէ պաղեստինցի բոլոր բանտարկեալները, յատկապէս մանուկները եւ կիները: Ան նաեւ պէտք է դադրեցնէ միջազգային իրաւունքի լուրջ խախտումները եւ ամբողջութեամբ վերցնէ Կազայի շրջափակումը՝ քաղաքացիական բնակչութեան հանդէպ շարունակուող պատժիչ միջոցները ոչնչացնելու համար եւ ազատ արձակէ կալանքի տակ գտնուող պաղեստինցի մանուկները՝ միջազգային չափանիշներու համաձայն, ի մասնաւորի՝ «Մանուկի իրաւունքներու մասին» համաձայնագրին:

Ամփոփելով, Շարժումը իր լիակատար աջակցութիւնը կը յայտնէ Պաղեստինի կառավարութեան՝ Պաղեստինի պետութեան տարածքներու բռնագրաւման վերջ դնելու եւ Պաղեստինի ժողովուրդին օրինական իրաւունքները իրականացնելու գծով շարունակական ջանքերուն»:

Ծիծաղելի է, որ Սայմըն Վիզընթալի կեդրոնի պաշտօնեաները տարիներ շարունակ Ատրպէյճանին քծնելէ, բազմաթիւ առիթներով այդ երկիրը այցելելէ եւ զայն իբրեւ Իսրայէլի մտերիմ բարեկամ գովաբանելէ ետք, ներկայիս կը բողոքեն Իսրայէլի հասցէին եղած՝ Պաքուի կոշտ քննադատութեան դէմ: Կը յուսամ, որ հրեայ եւ իսրայէլցի ղեկավարները կը գիտակցին, որ  տարիներու ընթացքին Ատրպէյճան խաբած է զիրենք եւ իրենք սորված են ուսանելի դաս մը, որ կարելի չէ վստահիլ ոչխարի մորթով գայլին: Անոնք նաեւ պէտք է ծանօթ ըլլան այն ասացուածքին, որ կ՛ըսէ՝ «շուներուն հետ քնացողը ոջիլներով կ՛արթննայ»: Դժբախտաբար, սակայն, իսրայէլցի եւ հրեայ պաշտօնեաները կարծես թէ ոչինչ սորված են Թուրքիոյ կողմէ խաբուած ըլլալու իրենց փորձէն: Տասնամեակներ շարունակ Թուրքիոյ աջակցելէ ետք, նոյնիսկ խայտառակ կերպով խոչընդոտելէ ետք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Քոնկրեսի մէջ, իսրայէլցի եւ հրեայ պաշտօնեաները ներկայիս կը մեղադրեն Թուրքիան՝ հակասեմականութեան եւ Իսրայէլի հանդէպ թշնամանքի մէջ: Հայերը տարիներ շարունակ կը զգուշացնէին զիրենք, որ չվստահին Թուրքիոյ, եւ թէ թուրքերը ամէնէն անսպասելի պահու մը կրնան հարուածել զիրենք իրենց թիկունքէն, սակայն ապարդիւն: Փոխադարձ շահագործման այս գռեհիկ խաղին մէջ իսրայէլցիներն ու ամերիկացի հրեաները ձեռնունայն մնացին։ Նոյնը կը կատարուի նաեւ Ատրպէյճանի հետ իրենց յարաբերութիւններուն մէջ: Կացութիւնը աւելի վատ պիտի ըլլայ, եթէ անոնք անմիջապէս ուշքի չգան:

Ամէն բան կարելի չէ գնահատել քարիւղով, զէնքով եւ դրամով: Կեանքի մէջ շատ աւելի  արժէքաւոր բաներ կան, ինչպէս՝ մարդկութիւն, արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն, քան նիւթական օգուտն ու անձնական շահը: Սակայն, ներկայ անձնասիրական աշխարհի մէջ գրեթէ անկարելի է նման պարկեշտ վարքագիծ մը ակնկալել․․․

 

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Անգլերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Հայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան