image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլեան ուժերը ներխուժած են Սուրիոյ Քունէյթրա նահանգի շրջան եւ խուզարկութիւններ կատարած

Իսրայէլեան ուժերը ներխուժած են Սուրիոյ Քունէյթրա նահանգի շրջան եւ խուզարկութիւններ կատարած

Իսրայէլեան ուժերը Օգոստոս 18-ի երեկոյեան ներխուժած են Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Քունէյթրա նահանգի երկու բնակավայրեր եւ խուզարկութիւններ կատարած են քանի մը տուներու մէջ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ Syria TV-ն։

Ներխուժման ընթացքին իսրայէլեան ուժերը կրակ բացած են շարժակաւոր հեծելանիւներու ուղղութեամբ։ Քաղաքացիական բնակչութեան շարքերէն տուժողներ չեն եղած, եւ տուներու խուզարկութիւններէն ետք ձերբակալութիւններ տեղի չեն ունեցած։

Աւելի վաղ իսրայէլեան ուժերը ներխուժած էին Քունէյթրայի Արեւելեան Սամտանիա գիւղ՝ ստեղծելով ժամանակաւոր անցակէտ։ Բացի այդ, անոնք Սուրիոյ քաղաքացի մը ձերբակալած էին Քունէյթրայի Թրինճա գիւղին մէջ կատարուած խուզարկութեան հետեւանքով։

2024 թուականի Դեկտեմբեր 8-ին Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութենէն ետք իսրայէլեան ուժերը աւելի աշխուժացուցած են իրենց ներխուժումները Քունէյթրայի շրջանն ու յարակից տարածքները՝ նաեւ հարիւրաւոր օդային հարուածներ հասցնելով սուրիական ռազմական կառոյցներուն՝ զանոնք ոչնչացնելու եւ ենթակառուցուածքներու վերակառուցումը կանխելու նպատակով։