image

Իսրայէլեան բանակը աւելի քան 200 օդային հարուած հասցուցած է Կազային

Իսրայէլեան բանակը աւելի քան 200 օդային հարուած հասցուցած է Կազային

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը՝ ՑԱԽԱԼ-ը յայտարարած է, որ աւելի քան 200 օդային հարուած հասցուցած է Կազայի հատուածին մէջ Համասի եւ «Իսլամական ճիհատի» կառոյցներուն, գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն։

«Գիշերուան ընթացքին տասնեակ կործանիչներ Ռիմալիի եւ Խան Եունիսի մէջ աւելի քան 200 թիրախ խոցած են»,-ըսուած է բանակի մամուլի հաղորդագրութեան մէջ։

Զինուորականները պնդած են, որ այս տարածքներն օգտագործուած են որպէս «ահաբեկչական կեդրոններ», ուրկէ զգալի թուով ահաբեկչութիւններ իրականացուած են։

Իսրայէլեան օդուժը, մասնաւորապէս, թիրախաւորած է մզկիթները, որոնք որպէս Համասի զէնքերու պահեստ եւ հրամանատարական կեդրոն կը ծառայէին, Համասի շտաբ հանդիսացող քանի մը բնակարան, ենթակառուցուածքային կառոյցը, որ կ'օգտագործուէր կազմակերպութեան բարձրաստիճան անդամի կողմէ, ինչպէս նաեւ «Իսլամական ճիհատի» «ահաբեկչական ենթակառուցուածքը»։