Օգոստոս 21-ի առաւօտեան Ռուսիոյ Փերմի երկրամասը ենթարկուած է ուքրանական անօդաչու թռչող սարքերու զանգուածային յարձակման։ Տարածաշրջանին մէջ անօդաչու թռչող սարքերու տագնապը տեւած է աւելի քան երկու ժամ։
«Ռոսաւիացիա»-ն սահմանափակած է «Պոլշոյէ Սաւինօ» օդակայանին մէջ օդանաւերու վայրէջքն ու թռիչքը։ Փերմի բնակիչները քանի մը պայթումի մասին յայտնած են։
Յարձակման ենթարկուած է «Լուքոյլ-Փերմնեֆթեորկսինթեզ» նաւթավերամշակման գործարանը, որ Ռուսիոյ տասը խոշորագոյն գործարաններէն մէկն է։
2024-ին «Լուքոյլ-Փերմնեֆթեորկսինթեզ»-ը վերամշակած է 12,6 միլիոն թոն նաւթ, ներառեալ՝ 2 միլիոն թոն պենզին եւ 5,3 միլիոն թոն տիզելային վառելանիւթ։ Գործարանը նախապէս եւս քանի մը անգամ ենթարկուած է ԱԹՍ-ներու յարձակման, որոնց հետեւանքով վառելանիւթի արտադրութիւնը դադրած է։