image

Իսրայէլացի զոհերու թիւը անցաւ 700 -ը. Թարմ տուեալներ

Իսրայէլացի զոհերու թիւը անցաւ 700 -ը. Թարմ տուեալներ

Պաշտօնական անձանց գնահատմամբ՝ Կազայի մերձակայքը գտնուող իսրայէլեան համայնքներու վրայ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ խմբաւորման իրականացուցած զանգուածային յարձակման եւ Իսրայէլի ուղղութեամբ արձակուած հազարաւոր հրթիռներու զոհերու թիւը կ'անցնի 700-ը, հաղորդած է Times of Israel-ը:

Զոհուածներու շարքին են տասնեակ զինուորներ եւ ոստիկաններ։

Իսրայէլի առողջապահութեան նախարարութիւնը նաեւ հաստատած է, որ հիւանդանոցներու մէջ վիրաւորներու թիւը հասած է 2048-ի, որոնցմէ 20-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ են, իսկ 330-ը՝ ծանր վիրաւորներ։

Զինուորականները յարձակումէն աւելի քան 30 ժամ անց սահմանամերձ համայնքներու մէջ կը շարունակեն մարտերը զինեալներու դէմ:

Ըստ Wafa գործակալութեան՝ այս տարուան սկիզբէն իսրայէլեան ուժերու եւ վերաբնակիչներու կողմէ ընդհանուր առմամբ 572 պաղեստինցի սպանուած է, այդ շարքին՝ 313-ը՝ Կազայի հատուածին մէջ իսրայէլեան յարձակման ընթացքին, ըսուած է առողջապահութեան նախարարութեան զեկոյցին մէջ։