Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը մէկ օրուան մէջ հարուածներ հասցուցած է ՀԱՄԱՍ-ի աւելի քան 450 ռազմական կառոյցի, յայտնած է բանակի մամուլի ծառայութիւնը Telegram-ի իր էջին։
«Վերջին մէկ օրուան ընթացքին Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի կործանիչները Կազայի հատուածին մէջ հարուածներ հասցուցած են ՀԱՄԱՍ ահաբեկչական կազմակերպութեան պատկանող աւելի քան 450 ռազմական կառոյցի, այդ շարքին՝ հրամանատարական կեդրոններուն, դիտակէտերուն եւ հակաթանկային հրթիռներու արձակման վայրերուն», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Բացի այդ, որպէս ցամաքային գործողութիւններու ընդլայնման մաս, Իսրայէլի բանակը հարուածած է «ահաբեկչական բջիջներ», որոնք կը փորձէին յարձակիլ իսրայէլեան ուժերու վրայ եւ կը ծրագրէին «արձակել հակաթանկային հրթիռներ», աւելացուցած է բանակը:
Կազայի հատուածին մէջ զոհերու թիւը հասած է առնուազն 8000-ի, որու մասին յայտնած է անկլաւի առողջապահութեան նախարարութիւնը: